2010-01-16 13:33:49

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԱՅՑԵԼԷ ։
Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով 18 յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ Ռուսիա պիտի մեկնի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան յայտնած է, որ երկու երկիրներու նախագահները պիտի շարունակեն բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, պիտի քննարկեն փոխադարձ գործակցութեան տարբեր մարզեր, ինչպէս նաեւ՝ շրջանային հարցերուն առնչուող խնդիրներ։ Ըստ Ֆարմանեանի, այս այցելութեան ընթացքին հաւանաբար քննարկուի Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ եռակողմանի հանդիպումի մը կայացման կարելիութիւնը։ Նախագահի մամլոյ քարտուղարը հերքած է այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, ղարաբաղեան տագնապի լուծման Մատրիտեան սկզբունքներու նոր տարբերակը ներկայացուած է պաշտօնական Երեւանին։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐ ԿԸ ՅՂԷ ՀԱՅԻԹԻԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ։
Հայաստանի նախաահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Հայիթիի նախագահ Ռընէ Կարսիա Փրեւալին՝ այդ երկրին մէջ տեղի ունեցած կործանարար երկրաշարժին առիթով, որ ահաւոր աւերներ գործած է եւ մարդկային զոհերու պատճառ դարձած։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը, Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու տուժողներուն։ Միւս կողմէ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ՀՕՄի անդամներուն եւ համակիրներուն, իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայիթիի ահաւոր երկրաշարժի աղէտեալներուն նպաստելու աշխատանքներուն, ՀՕՄի հաստատած Հայիթիի օգնութեան հիմնադրամին միջոցաւ: «ՀՕՄը կը ցաւակցի Հայիթիի ժողովուրդին հետ», ըսած է Սօսի Փօլատեան, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Անդրադառնալով Հայաստանի 1988ի աղէտալի երկրաշարժին, ան ընդգծած թէ «Ինչպէս բոլոր աշխարհը հասաւ մեր օգնութեան, մենք եւս մեր կարելին պիտի ընենք հասնելու այս աղէտեալ ժողովուրդին պէտքերուն»:
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ 20 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 20 յունուարին Հայաստան պիտի այցելեն՝ շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ։ Նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ, պիտի քննարկուին երկու երկիրներու նախագահներու հերթական հանդիպման կազմակերպման հարցերը։ Տակաւին յայտնի չէ, թէ համանախագահները Ստեփանակերտ պիտի այցելեն, սակայն, ինչպէս աւելի կանուխ ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով ազրպէյճանական ՝՝Թրենտ՝՝ գործակալութեան յայտնած էր, միջնորդները շրջապտոյտին ընթացքին միայն Հայաստան եւ Ազրպէյճան պիտի այցելեն։
ՅԻՇԵՆՔ ՄԱԹԷՈՍ ԶԱՐԻֆԵԱՆԸ։
Այսօր կը յիշենք Մաթէոս Զարիֆեանը(1894-1924)որովհետեւ հայ գրականութեան անմահ անուններէն Մաթէոս Զարիֆեան 116 տարի առաջ 16 Յունուարին կը ծնէր Պոլիս (1894)Պոլսոյ հայաշատ Կէտիկ Փաշա Թաղը։ Զարիֆեան միայն երեսուն տարի ապրեցաւ .թոքախտի զոհ երթալով 1924ին։

ԹՐՔԱԿԱՆ՝՝ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ՝՝ՕՐԱԹԵՐԹԸ ԿԸ ՄԷՋԲԵՐԷ ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ.ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ ՝՝ՈՂՋՈՅՆԸ՝՝ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ՎՐԻՊՈՒՄՈՎ ՄԸ ։
Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթը տեղեկացուցած որ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը (ինչպէս ամէն տարի) Վատիկանի մէջ օտարերկրեայ դեսպաններու հետ աւանդական հանդիպումին ընթացքին ՝՝գոված է՝՝ Թուրքիան՝ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ թափած ջանքերուն համար։ Մենք կ՝ուզենք ճշդել ըսելով թէ ՝՝ Քահանայապետը իր ճառին մէջ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները մէջբերաւ զանոնք քաջալերելով՝՝։ Այս հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ այլ 178 Դեսպաններու շարքին Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան փրոֆ. Քենան Կիւրսէօյը։







All the contents on this site are copyrighted ©.