2010-01-14 13:01:39

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

Մայր Աթոռի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց շարք մը գիրքեր

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը 2009-ին լոյս ընծայեց շարք մը գիրքեր։ Լոյս տեսաւ Աելիտա Դոլուխանեանի ՜՜Ներսէս Մոկացի մենագրութիւնը՝՝՝ 16-17րդ դարերու նշանաւոր եկեղեցական գործիչ, փիլիսոփա, բանաստեղծ Ներսէս Մոկացիի կեանքի, հասարակական գործունէութեան եւ բանաստեղծական ժառանգութեան մասին։ Հրատարակուեցաւ Կարպիս Սուրէնեանի՝ հայ ճարտարապետութեան նուիրուած ՜՜Ոգու ամրոցներ՝՝ էսսեն՝ մեկենասութեամբ,Սարգիս Գաբրիէլեան հիմնադրամին ու նաեւ՝ Լեւոն Միրիջանեանի հեղինակած Աստուածաշունչը եւ մենք աշխատութիւնը։

Յորդանան - իշխան Հասան Պըն Թալալի այցելութիւնը Յորդանանահայ գաղութին

Նոր տարուան եւ Ս Ծննդեան տօներուն առիթով, 26 դեկտեմբեր 2009-ին Հասան Պըն Թալալ իշխանը, իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց յորդանանահայութեան՝ այցելութիւն մը տալով Ամմանի ՀՄԸՄ-ի ակումբի սրահը։ Այս իշխանական այցելութիւնը ընդունուեցաւ գաղութին հոգեւոր առաջնորդ Վահան արք Թոփալեանի կողմէ ներկայ էին նաեւ յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, լատին, ղպտիներու եւ ասորիներու հոգեւոր առաջնորդները։ Համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողքին, ներկայ էին գաղութին Ազգային տեղական խորհուրդի, Ազգային մարզական միութեան, ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անդամներն ու ազգայիններ։ Վսեմաշուք իշխանին բարիգալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային տեղական խորհուրդի փոխնախագահ տոքթ Գէորգ Էքիճեան։ Ողջունելով իշխանը՝ Քրիստոսի ծնունդը ներկայացուց որպէս համայն աշխարհին ուղղուած պատգամ՝ բարօրութեան, խաղաղութեան եւ մարդասիրական վեհ նպատակներու գործադրութեան համար։ Ան իր բարձր երախտագիտութիւնը յայտնեց հիասքանչ հաշիմական ընտանիքին, որ մինչեւ այսօր անկեղծ հոգատարութիւն կը տածէ ողջ հայութեան հանդէպ՝ միշտ կայուն համոզումով եւ դրական դիրքորոշում կազմելով հայ քաղաքացիներուն մասին։ Իշխանը, իր կարգին, խօսք առնելով՝պարտաւորութեան եւ պարտականութեան ոգի ներշնչեց ներկաներուն՝ առաջնորդելու բոլոր համայնքները բարեգործական աշխատանքներու, հաւաքական աշխատանքներու եւ ամբողջ մարդկութեան դիմաց ծառացած դժուարութիւնները յաղթահարելու։ Ան աւելցուց, որ բարձր գիտակցութեամբ եւ խոհեմութեամբ համագործակցելու պարագային, արաբական բոլոր երկիրները շատ շուտով պիտի կարենան մեծ յաջողութիւններ արձանագրել։

Պոլսոյ Ժամանակ թերթի 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկները

Պոլսոյ Ժամանակ թերթը իր հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկներու շարք մը կը գործադրէ։ Այդ ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 20ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած էր սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի եւ դաշնակահար Շահան Արծրունիի մասնակցութեամբ շքեղ համերգ մը, Պոլսոյ Թեքնիք համալսարանի Մաչքայի մասնաշէնքի ամփիթատրոնին մէջ։ Իսկ 9 Յունուար 2010-ին, տեղի ունեցաւ Պիրզամանլար հրատարակչութեան կողմէ կազմակերպուած՝ ցուցահանդէսի բացումը եւ մամլոյ ասուլիսը, ուր մաս կազմեցին լրագրող-հրապարակագիր Հըֆզը Թոփուզ, Լոս Անճելըսի Արմինիըն Օպզերվերի աշխատակից Օշին Քէշիշեան, Փարիզի ԼԷքսփրէսէն Քրիստիան Մակարեան, լրագրող Ռակըպ Տուրան։ Ասուլիսին յաջորդեց ցուցահանդէսի բացում՝ ՜՜Թուրքիոյ մէջ 100-ամեայ հայերէն օրաթերթ մը՝՝ թեմայով որ պիտի շարունակուի մինչեւ 21 յունուար 2010։








All the contents on this site are copyrighted ©.