2010-01-12 14:16:30

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիանէ – Ժան Մարի կը հիւանդանայ…


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիանէ – Ժան Մարի կը հիւանդանայ…



Ժան Մարի Վիաննէ մանրակազմ է, բայց առողջութեամբ տոկուն: Միւս կողմէ գիտենք թէ պողպատն անգամ կը մաշի…

Ուխտաւորներու խուժումով, տաժանքը կը միանայ խստակեացութեան եւ իր առողջութիւնը մեծապէս կը կրէ: Անգամ մը ինք կը խոստովանի իր բարեկամ՝ Տէր Թելատի, որ լսածները անմիջապէս կը նօթագրէ.

-Խօսելով իր օրուան եւ գիշերուան յոգնութիւններու մասին, Վիաննէ ըսաւ ինծի.

‘Սիրելի բարեկամս, այսքան յոգնութեան պիտի չդիմանամ, իմ առած սնունդովս, եթէ Աստուած մասնաւոր շնորհք մը չընէ ինծի: Այսքանը բան մը չէ, բայց եթէ գիտնայիր թէ որքան կը կրեմ: Սոսկալի խիթեր կը չարչարեն զիս յաճախ: Իսկ հիմա գրեթէ ամէն օր եւ այնքան կսկծալի, որ ալ չեմ կրնար տանիլ: Մարմինս կ’ուռի եւ ես գետին իյնալիք կ’ըլլամ: Շուտով ոտքի կը ցատկեմ եւ մեղմացուցիչ դեղեր կ’առնեմ’:

Ձմեռ ժամանակ ցուրտէն շատ կը նեղուի: Տարի մը առաջ, օր մը ոտքերս սառեցան: Կրունկիս մորթը ինկաւ եւ մնաց գուլպայիս մէջ: Երբ խոստովանարանէն կ’ելլեմ, պէտք է ձեռքերովս փնտռեմ թէ արդեօք ոտքեր ունի՞մ: Մերթ եկեղեցիէն կ’ելլեմ կռթնելով աթոռներուն ու պատերուն: Երբեմն չեմ գիտեր ուր գտնուիլս, սաստիկ ցաւեր կը բռնեն գլուխս եւ խելքս կ’առնեն: Չեմ գիտեր, իսկապէս, ինչպէս կը դիմանամ: Աստուած հայրիկը շատ բարի է ինծի հանդէպ:’

Բարեկամներու պնդումով Ժան Մարի կը հաւանի բժիշկ մը տեսնել: Կը բերեն Բժշկ. Սոնիէ, որ շուտով բարեկամը կ’ըլլայ, բայց մեծ դժուարութիւն կը քաշէ հնազանդեցնելու իր տարօրինակ հիւանդը:

Ի վերջոյ 1842ի Սեպտեմբերին ստիպուած կ’ըլլայ անկողին մնալ: Բժշկ. Սոնիէ ախտաճանաչումը կ’ընէ եւ կուրծքի իջուածք մը կը գտնէ եւ կը յաջողի բուժել ախտը:

Քանի մը ամիս ետք 1843ին կը կրկնուի նոյն երեւոյթը: Այլեւս դադրեցնելու է երեկոյեան քարոզները: Շուտով վիճակը կը վատթարանայ: Բարեկամները կը շրջապաետն զինքը: Մարիոն կը միանայ Բժշկ. Սոնիէի: Երկու բժիշկ ալ կը կանչեն խորհրդակցութեան:

Իսկ Ժան Մարի այդ խղճալի վիճակին մէջ անգամ կը պահէ իր զուարթախոհութիւնը եւ կը գոչէ.

-Այս վայրկեանիս ուժգին պատերազմ կը մղեմ:

-Որու՞ դէմ:

-Չորս բժիշկներու դէմ: Եթէ հինգերորդ մըն ալ գայ, ես մեռած եմ:

Կատակը մեկդի, թոքատապը կը ծանրանայ:

Մայիս 11ին մօտակայ գիւղերու բոլոր քահանաները կը հաւաքուին վերջին սուրբ խորհուրդները տալու իրեն: Ինք կը հետեւի աղօթքներուն մեծ գիտակցութեմբ, կը խնդրէ որ եկեղեցւոյ զանգը հնչեցնէն.

-Զարկէք զանգակները. պէտք չէ՞ որ բոլոր հաւատացեալները աղօթեն իրենց ժողովրդապետին համար:

Երկու օր ետք մեծ ուրախութիւն մը կը տիրէ Արսի մէջ. Տէր Վիաննէ աւելի լաւ է. կը սկսի վերագտնիլ իր ուժերը: Հոգ մը միայն ունի. զինք եկեղեցի տանին որ շնորհակալ ըլլայ Աստուծոյ, Մարիամ Կոյսին եւ նաեւ Սրբուհի Ֆիլոմէնի: Մայիս 19ին կարելի կ’ըլլայ փոխադրել զինք եկեղեցի: Քանի մը օր վեջ արդէն կը սկսի պատարագի:

Ժան Մարի Վիաննէ Աստուծոյ մէկ շնորհքը կը տեսնէ իր այս բուժումին մէջ: Իր բարեկամները այս դէպքի նկարը գծել կու տան եւ եկեղեցին կը դնեն : Հոն զինք կը տեսնենք պաշարուած իր բարեկամներէն, Սրբուհի Ֆիլոմէնի անոյշ ակնարկին տակ. ինք ձեռքերը միացուցած հաղորդ կ’առնէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.