2010-01-11 13:15:41

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՖԱԴԵՅ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԱԾ։
Յունուար 10-ի գիշերը մահացած է ՀՀ վարչապետի խորհրդական Ֆադեյ Սարգսեանը։ Յուղարկաւորութեան արարողութեան կազմակերպման համար ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով։ Գիտնական, ակադեմիկոս, քաղաքական գործիչ Ֆադեյ Սարգսեանը 1993-2006թթ վարեց ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահի պաշտօնը։ 1946-1959թթ աշխատեցաւ որպէս ՀԽՍՀ Նախարարներու խորհրդի նախագահ (1977-1989), Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ֆիզիկա-տեխնիկական գիտութիւններու և մեքենաշինութեան բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար (1989-1993)։ 2006ին սկսած էր վարել ՀՀ վարչապետի խորհրդականի պաշտօնը։
ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՐՏՈՒԱԾ։
Աւարտած է թիւ 10 ընտրատարածքի ԱԺ պատգամաւորներու ընտրութեան արդիւնքներու հաշուարկը։ Նախնական տուեալներով յաղթական դուրս կուգայ «Ազգային Միաբանութիւն » կուսակցութեան թեկնածու Արա Սիմոնեանը ստանալով 7622 ձայներ: Հայ Ազգային Կոնգրեսի անդամ, «Հայկական ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ այժմ կալանաւորումի մէջ գտնուղ Նիկոլ Փաշինեան ստացած 5023 ձայներ , իսկ Մարքսիստական կուսակցութեան առաջնորդ Դավիթ Հակոբեանը` ստացած 299 ձայներ:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՝ՈՒՆԵՆԱՅ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԸ ՈՒ ԵՐԹԸ ԴԷՊԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ։
Հայաստանի ժամով ժամը 16.30ին Ստեփան Շահումեանի անուան հրապարակէն կը մեկնի ՀՅԴ Հանրահաւաքը ընդդէմ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ։ Հանրահաւաքէն յետոյ կազմակերպիչները կը նախատեսեն նաև երթ դէպի Սահմանադրական Դատարան, ուր կը ծրագրեն մնալ մինչեւ երեկոյան ժամերը։ Յունուար 12-ին, ժամը 11-ին, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւնները պիտի քննարկուին Սահմանադրական Դատարանի կողմէ ՀՅԴ-ը ,և արձանագրութիւններու դէմ միացած 14 քաղաքական և հասարակական ուժերը կը նախատեսեն բողոքի ցոյցեր Դատարանի դիմաց։
ՂԱՐԱԲԱՂԻ «ԶԱՐԴԱԽԱՉ՝՝ ԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԱԾ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐ։
Արցախի Մարտակերտի շրջանի Զարդախաչ գիւղի մէջ բացուած է Յուշահամալիր՝ նուիրուած՝ Ղարաբաղեան պատերազմին զոհուած գիւղացիներուն ։ Բացի հերոսներու նկարներէն, առանձին սալիկի վրայ գրուած են նաեւ այն զարդախաչցիներու անունները, որոնք մասնակցած են Հայրենական մեծ պատերազմին։ Յուշահամալիրի բացման արարողութեան մասնակցած են բարձրաստիճան պաշտոնեաներ, շրջանային եւ գիւղական ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ Զարդախաչի բնակչութիւնը ։ Յուշահամալիրի բացումը կատարած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը եւ զոհուած ազատամարտիկ Պավել Մանուկեանի դուստրը՝ Աննա Մանուկեանը։ Յուշահամալիրը օրհնած է Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը։ Յուշահամալիրի կառուցման նախաձեռնողները եւ հովանաւորողները գիւղի բնակիչներ Գեորգի, Գուրգեն Գասպարեաններն են (Գուրգեն Ռուսաստանի քաղաքացի է) եւ Արկադի Միրզոեանը։ Ֆինանսական միջոցներ տրամադրած են նաեւ այլ երկիրներ ապրող Զարդախաչցիները։
ՔԼԻՆԹԸՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։
Ամերիկայի հայկական համագումարը կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն փետրուարին հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու համար հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Ըստ News.amի, հանդիպումին հրաւիրուած են Ամերիկայի հայկական համագումարի, ՀԲԸՄ-ի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան թեմերու, Վարդանի ասպետներ կազմակերպութեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները։







All the contents on this site are copyrighted ©.