2010-01-10 13:57:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յունուար 10, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Յիսուսի մկրտութեան տօնով կը շարունակուի Քրիստոսի յայտնութեան շարքը որ սկսաւ Ծնունդով Բեթղեհէմի մէջ։

Այսօր` Յիսուս կը յայտնուի Յորդանան գետափը Յովհաննէսի եւ Իսրայէլի ժողովուրդին։ Մկրտութենէն ետք Յիսուս ջուրէն դուրս գալով երկինքը բացուեցաւ եւ Սուրբ Հոգին աղաւնիի նման իջաւ անոր վրայ եւ երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ. ''դուն ես իմ սիրելի Որդիս, ես այսօր քեզ ծնայ''։

Պօղոս առաքեալը իրաւամբ կը գրէ Տիտիսին. ''որդեակ. Աստուծոյ շնորհքը յայտնուեցաւ, որ փրկութիւն կը բերէ բոլոր մարդոց''։

Յայտնենք թէ Սրբազան Հայրը կիրակի առաւօտ պատարագ մատուցեց Սիքիստինեան մատրան մէջ եւ որուն ընթացքին մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց 14 երախաներու։ իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. Յիսուսի մկրտութեան տօնին օրը, այս տարի եւս ուրախութիւնը ունիմ մկրտութեան խորհուրդը մատակարարաելու նորածին 7 աղջիկներու եւ 7 տղաներու, որոնց ծնողները կնքահայրերու ու կնքամայրերու հետ միասին Եկեղեցւոյ կը ներկայացնեն։ Մկրտութեան խորհորդով անոնք կը դառնան Աստուծոյ զաւակներ Քրիստոսի մէջ եւ հետեւաբար անդամները` Եկեղեցւոյ, եւ այսօրուընէ սկսեալ Եկեղեցին կը դառնայ իրենց ընտանիքը։ Սիրելիներ ողջագուրենք զանոնք մեր աղօթքով ու գուրգուրանքով։

''Մոգերը, այսօր''- խորհրդածութիւն` պատրաստեց Յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմբարտի տնօրէնը Ռատիովատիկանին։

Մոգերը, այսօր։ Անոնք կրնային ըսել. ''ամէն ինչ առանձին ընենք, մէկու մը չըսենք, կարիքը չ՝ունինք, զգուշանանք, այսօրուան մտայնութեան համաձայն, ու խառնաշփոթութիւն չյարուցանենք գիտութեան ու Աստուծոյ խօսքին միջեւ''։ Սակայն մոգերը ներգործեցին լայն հորիզոնի վրայ, առանց նախապաշարումի, գիտնալով հանդերձ թէ իրենց գիտութիւնը անբաւարար է եւ թէ աշխարհը բարդ է եւ ամէն ներգործութիւն տարբեր նշանակութիւն կարող է ստանալ։ Սրբազան Քահանայապետը այսպէս ներկայացուց մոգերը Աստուածայայտնութեան տօնին օրը։ Մոգերը խելացի ու հետազօտող մարդիկ էին, միաժամանակ խոնարհ եւ յանդուգն, որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հարազատ քաջութիւն կ'ուզէ հաւատալու համար թէ ՜՜մեծ իրականութեան մը առջեւ կը գտնուին՝՝։ ՜՜Պտղաբեր ու վստահելի կապը տրամաբանութեան ու հաւատքի միջեւ՝՝ թեման, քրիստոնէական հին նիւթ մըն է, որ ներկայ Քահանայապետը այժմէական դարձուցած է։ Մենք կանչուած ենք իւրացնելու այդ նիւթը ու զայն ներմուծելու ներկայ մշակոյթին մէջ։ Անցեալ տարի գիտական առիթներ ներկայացան այդ ուղղութեամբ, ինչպէս Տարուինի տարեդարձը, աստղագիտութեան տարին, ինչպէս նաեւ Սրբազան Քահանայապետին շօշափած բարոյական նիւթերը ու հարցադրանքները մարդկային զարգացումի մասին, իր շրջաբերական թուղթին մէջ։ Մենք կանչուած ենք առանց վախնալու ճշմարտութիւնը փնտռելու, ըսաւ հայր Լոմբարտին իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, ուղղենք, մեր հայեացքը դէպի վեր գտնելու համար մարդու արտակարգ դերը աշխարհի մէջ։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Շաբաթ, Յունուար 9, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` կարտինալ պերթոնէ բացումը կատարեց Վատիկանի դատական 81րդ տարւոյն։ Զեկուցումը կատարեց փրոֆ. Նիքոլա Բիքարտին։

Իր արտասանած խօսքին մէջ կարտինալ Պերթոնէ ի մէջ այլոց ըսաւ. ՜՜Արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը նշաններն են Մեսիային` Քրիստոսին մուտքը մարդկութեան պատմութեան մէջ։ Պօղոս առաքեալը Եփեսացիներուն ուղղած թուղթին մէջ կը գրէ. ''Քրիստոսով ամէն ինչ բովանդակուած է թէ երկնայինները եւ թէ երկրայինները։ Դատական այս նոր տարւոյն սկիզբը մենք կանչուած ենք դիտել Քրիստոս որպէս մեր Փրկիչը, որ մեզ կ'ազատագրէ ու մեզի երկնային խաղաղութիւն կու տայ։ Հասնելու համար ներդաշնակութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան, հարկաւոր է որ յարինք Աստուծոյ եւ ընդունինք իր շնորհքը։ Տիրոջմէն հայցենք որ օգնէ մեզի, յաղթահարելու՝ մեր առջեւ ներկայացող դժուարութիւնները ու բանայ մեր սրտերը իր սիրոյն։ Հայցենք միաժամանակ հովանաւորութիւնը Տիրամօր` ՜՜Աստղը արդարութեան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.