2010-01-10 10:06:57

Հռոմահայերու տարեկան Ակաբը Աստուածայայտնութեան տօնին օրը


ՊՈԼԻՎԻԱ։ Սանթա Գրուզի Թեմը 2010 Տարին Կը Նուիրէ՝ Աշխարհականներու Հաւատքի Վկայութեան։

Տարի մը ամբողջութեամբ նուիրուած ՝՝աշխարհականներու հաւատքի վկայութեան արծարծումին՝՝ ինչպէս որ կ՝առաջարկէ Պոլիվիայի Սանթա Գրուզ թեմը,որու կէտ նպատակներու մէջ տեղ կը գրաւէ միութիւն՝միսիոնարական գործունէութեանց մէջ, աշխատանքի փորձառութեանց բաժնեկցում ժողովրդապետութիւններէ եւ շարժումներէ ներս Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ, ու աշխարհականներու կազմակերպութիւնը արքեպիսկոպոսական թեմի Խորհուրդէն ներս։ Աշխարհականներու Հաւատքի Վկայութեան նուիրուած 2010 տարուայ ծիրէն ներս նախ տեղի պիտի ունենան նախապատրաստական հանդիպումներ որոնք պիտի եզրափակուին 27 փետրուարին պատուիրակներու ընտրութեամբ,ապա տեղի պիտի ունենայ Ընդհանուր Ժողով 20 Մարտին։ Պոլիվիայի Սանթա Գրուզ թեմի այս նախաձեռնութիւնը ՝՝նուիրելու ամբողջ տարի մը աշխարհականներու հաւատքի վկայութեան՝՝ կը ներշնչուի՝ լատին-ամերիկայի Եպիսկոպոսական Հինգերորդ Խորհրդաժողովէն որ ցուցմունքներ կը թելադրէ ՝՝աշխարհականներու առաքելութեան՝՝ մասին։

Հռոմահայերու տարեկան Ակաբը Աստուածայայտնութեան տօնին օրը

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Աստուածայայտնութեան տօնin՝ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօնին առթիւ աւանդութիւն դարձած տօնակատարութիւնը մեծ հրճուանք եւ ուրախութիւն պատճարեց հռոմահայերուն։

Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի նուիրուած հայոց եկեղեցւոյ մէջ, հայածէս հանդիսաւոր Ս պատարագը մատոյց Գերյարգելի Հայր Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քելեկեան որ նաեւ իր արտասանած քարոզին մէջ խօսեցաւ տօնին նշանակութեան ու խորհուրդին մասին։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի եւ Յիսուսի Մկրտութեան արարողութիւնները, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի պաշտօնը, այս տարի տրուեցաւ փոքրիկն Բաուլօ Տայութօ Սիրինեանին Հռոմահայ գաղութէն որուն ծնողաց մեր շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք։

Եւ նախքան տօնական ճաշկերոյթը, գաղութի երիտասարդներէն՝ Վերոնիքա եւ Բաօլօ իրենց դասական սրինգով նուագեցին մի քանի երաժշտական կտորներ որոնց մեծ հաճոյքով հետեւեցան ներկաները։

Ապա Լեւոնեան վարժարանի ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հռոմահայութեան Տօնական Ակաբը, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Ճաշասրահը շատ գեղեցիկ ու ճաշակով զարդարուած էր, Հռոմի Հայ գաղութի խորհուրդի ՜՜Զարթօնք՝՝ մասնաճիւղի անդամներու կողմէ։ Հայկական այս մթնոլորտին մէջ Հռոմահայերը եւ իտալացի բարեկամներ մեծ թիւով (այս տարի նախորդ տարիներէն շատ աւելի) ճաշակեցին հայկական համադամներ։

Հաճելի պահ մը եղաւ մոգերէն մէկուն՝ Պաղտասարին մուտքը, որ ուրախութիւն բերաւ թէ մեծերուն եւ թէ փոքրերուն. մանուկները երգեցին եւ արտասանեցին, ու ապա ստացան իրենց նուէրները։

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ Պաղտասար մոգին մեկնումէն ետք ալ, հայկական երգ ու պարերով , որ տեւեց մինչեւ ուշ երեկոյ, եւ բոլորը ուրախ էին, տօնելով հայ երդիքի տակ Յիսուսի Ս. Ծնունդն ու աստուածայայտնութիւնը...








All the contents on this site are copyrighted ©.