2010-01-09 13:11:47

 Լուրեր հայկական կեանքէն

1805-ին կառուցուած Թիֆլիսի Ս Էջմիածին եկեղեցին նորոգուեցաւ Ուրախ օր մը վիրահայոց համար։


 Լուրեր հայկական կեանքէն

1805-ին կառուցուած Թիֆլիսի Ս Էջմիածին եկեղեցին նորոգուեցաւ Ուրախ օր մը վիրահայոց համար։

Սուրբ Ծննդեան օրը, Թիֆլիսի մէջ, աւելի քան 5 տարուան ընդմիջումէ յետոյ, վերաբացուեցաւ վիրահայոց թեմի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման ներկայ եղան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը, հաւատացեալներ եւ Վրաստանի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու անդամներ։

Յայտնենք թէ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցին կառուցուած է 1805 թուականին, տեղւոյն բնակչութեան նիւթական ներդրումով։



Հայաստանի զինեալ ուժերը պատրաստ՝ Զինուորական նախայարձակումի որեւէ փորձ դիմագրաւելու համար

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն ընդհանուր հրամանատար Սերժ Սարգսեան իր հերթական աշխատանքային խորհրդակցութիւնը կատարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ։

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են 2009-ին կատարուած աշխատանքները, բանակի մարտական պատրաստութեան, զինեալ ուժերու հետագայ զարացման ու կատարելագործման ուղղութեամբ 2010 թուականին ընթացքին ծրագրուած հարցեր։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հաստատած է, թէ Հայաստանի զինեալ ուժերը պատրաստ են իրենց առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները լուծելու եւ կասեցնելու ՀՀի դէմ յարձակումի որեւէ փորձ։



Թուրքիա

NEW YORK TIMES կը գրէ իրենց հայկական արմատները վերագտած թուրքերու համար

Ֆեթիյէ Չեթին իր մեծ մօր հետ, որ հերոսուհին դարձաւ ծանօթ իրաւաբանին կողմէ գրի առնուած Իմ մեծ մայրիկս գրքին

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները, որոնք դեռ եւս պէտք է վաւերացուին երկու երկիրներու խորհրդարաններու կողմէն, կարող են հեռահար հետեւանքներ ունենալ, -

Չորեքշաբթի օր գրեց Նիւ Եորք Թայմզ պարբերականը եւ մանրամասնեց, - անոնք կարող են օգնել փակուղի մէջ յայտնուած Հայաստանին՝ դուրս գալ տնտեսական մեկուսացումէն եւ նոր թափ հաղորդել Եւրամիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընթացին, ուր ցեղասպանութեան հարցը առանցքային խոչընդոտ կը համարուի։

Արձանագրութիւնները նաեւ կարող են օգնել կողմերը՝ յաղթահարել փոխադարձ մեղադրանքները, - հեղինակաւոր պարբերականին ըսաւ յայտնի թուրք իրաւապաշտպան, Հրանդ Տինքի փաստաբան Ֆեթիյէ Չեթինը, որ ուսանող տարիներուն միայն բացայայտեց իր հայկական ծագումն ու ջարդերէն փրկուած, թուրք զինուորականներէն մէկու կողմէն որդեգրուած տատի՝ Հերանուշի 60 տարի շարունակ խնամքով թաքցրած պատմութիւնը։

60 ամեայ գաղտնիքէն արմատախիլ եղած տոհմածառը. այսպէս վերնագրեց յօդուածը Նիւ Եորք Թայմսը։ Հետագային Չեթինը պարզեց, որ իր տատը մէկն է եղած այն հազարաւոր հայ երեխաներէն, որոնց թուրքերը որդեգրեցին 1915-18 թուականներու ցեղասպանութեան ընթացքին, մինչդեռ անոր ծնողները, եղեռնէն մազապուրծ, Միացեալ Նահանգներ հասան ու փորձեցին նոր կեանք սկսիլ, - կր գրէ թերթը։

Տատիս պատմութիւնը բացայայտելէն յետոյ ես տեւական ժամանակ շոքի մէջ էի. թրքական դասագիրքերուն մէջ բառ անգամ չկար հայերու կոտորածներու մասին, այդ ջնջուած էր թուրքերու հաւաքական յիշողութենէն, մինչդեռ տատս եւ անոր նմանները իրենց մէջ խորը թաղած ու լռութեան մատնած էին հայկական ինքնութիւնն ու ապրած սարսափները, - ըսաւ Չեթինը աւելցնելով. - Հայկական հարցը Թուրքիոյ մէջ թապու է, ինչպէս տարիներ առաջ, այնպէս ալ հիմա։ Ինձ ցաւ կը պատճառէ այն հանգամանքը, որ աշխարհի անարդարութենէն ու այն աւելի լաւը դարձնելու անհրաժեշտութենէ բարձագոչ խօսող մարդիկ հայկական հարցի մասին միայն շշուկով կարտայայտուէին։

Թուրքիան պէտք է դէմ յանդիման կանգնի եւ հաշտուի իր անցեալին հետ, ըսաւ Ֆեթիէ Չեթին ,բայց մինչեւ այդ, անհրաժեշտ է, որ մարդիկ իմանան որուն հետ կը հաշտուին, Մենք պէտք է բանանք սահմանները՝ երկխօսութիւն սկսելու համար։ ՜՜Հայկական ծագում ունեցող թուրք իրաւապաշտպանի համոզմամբ, այժմ եկած է այն վճռորոշ պահը, երբ Թուրքիան եւ Հայաստանը գրեց Նիւ Եորք Թայմզը կարող են վերջապէս դէմ յանդիման կանգնիլ անցեալի ուրուականներուն եւ յաղթահարել աշխարհի երկարատեւ ու խորը թշնամանքներէն մէկը։



Աշխարհահռչակ իսլամ ակադեմական Թարիք Ռամատան կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ։

Բրիտանիոյ, Զուիցերիոյ, Ճափոնի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ իսլամական ուսումնասիրութեանց փրոֆեսէօր, աշխարհահռչակ իսլամ ակադեմական Թարիք Ռամատան ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը հաղորդէ Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան։

Ֆրանսահայ Նուվել տԱրմենի պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով պարբերաթերթի խմբագիր Արա Թորանեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիտե՞ս եւ զայն կը ճանչնա՞ս հարցումին՝ Ռամատան յայտնած է Գիտեմ եւ կը ճանչնամ։ Ինծի համար Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը երբեք կասկածի նշոյլ մը իսկ չէ յառաջացուցած որ կրնանք մերժել իրողութիւնը այն բանին, որ իսկութեան մէջ եւ պատմական առումով ցեղասպանութիւն էր։

Ան աւելցուցած է, որ մերժումը կը հակասէ իմ կրօնական սկզբունքներուս եւ մարդկային խղճի սկզբունքներուն։ Դէպքերը չենք կրնար մերժել։

Թարիք Ռամատան հեղինակ է ֆրանսերէն եւ անգլերէն 35 գիրքերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.