2010-01-08 13:48:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։



Ուրբաթ 8 Յունուար 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

- Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ նոր դեսպանը, տիար Քենան Կիւրսոյ որ նորին Սրբութեան ներկայացուց իր հաւատարմագրերը.

- Կարտինալ Իվան Տիաս` կառավարիչը աւետարանութեան ժողովին,

- կարտինալ Էննիօ Անթոնելլի, նախագահը ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։

- Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Վատիկանի թաղամասի ոստիկանները, թիւով 200։



Անոնց ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց իտալացի ոստիկանութեան իրենց կատարած հսկողութեան համար Վատիկանի պետութեան շուրջ։ Ձեր ներկայութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեծապէս կը նպաստէ երաշխաւորելու ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը հաւատացեալներուն եւ զբօսաշրջիկներուն, որոնք ուխտագնացութեան համար կու գան սուրբ Պետրոսի գերեզմանին։ Նոյնպէս, ձեր ներկայութիւնը նպաստաւոր մթնոլորտ կը սեղծէ անոնց հանդիպում ունենալու Ս. Պետրոսի յաջորդին հետ, որուն Քրիստոս պաշտօն տուաւ հաստատելու իր եղբայրները հաւատքի ու սիրոյ մէջ ։

Ինչպէս գիտէք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Ս. Պետրոսի տունը ամէնուն բաց է` թէ հաւատացեալներուն եւ թէ բարի կամք ունեցող մարդոց։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Վատիկանի թաղամասի ոստիկանութեան տուած համագործակցութեան ու բերած նպաստին համար։ Թող Տէրը վարձահատոյց ընէ։ Մաղթանքս է որ ձեր հաւատքը, հաւատարմութիւնը եւ վեհանձնութիւնը ծառայեն ձեզի գոհացում տալու ձեր այս նուիրումին։

Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, ձեր պաշտպան սրբուհին, ընկերանայ ձեզի ու պահպանէ ամէն վտանգէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.