2010-01-08 13:49:14

Լուրեր Քրիստոնեայ աշխարհէն


Լուրեր Քրիստոնեայ աշխարհէն

Ֆոգոլարինի Շարժումի նախագահի յառաջիկայ Ճամբորդութիւնը՝Ասիոյ Ցամաքամասը։



Ֆոգոլարինի Շարժումի նախագահ Մարիա Վոչէ 6 յունուարէն մինչեւ 20 փետրուար Ասիոյ ցամաքամասի մէջ պիտի այցելէ Շարժումի տեղական հասարակութիւնները։ Այս ճամբորդութեան առթիւ Շարժումի նախագահին իր օրհնութիւնը ուղարկած է Սրբազան Քահանայապետը Պենետիկսո ԺԶ.րորդ նամակով մը յորում իր ՝՝օրհնութիւնը՝՝ կը տարածէ նաեւ բոլոր այն հասարակութիւններուն որոնք պիտի այցելէ Շարժումի նախագահը Մարիա Վոչէ, որու ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Գօրէա, ապա Ճափոն, որմէ յետոյ Փիլիպեան Կղզեախումբ եւ հուսկ Թայլանտիա։ Գորէայի մէջ ան պիտի հանդիպի երեսփոխաններու խմբակին որոնք կը յարին ֆոգոլարինի Շարժումին ։Իսկ Ճափոնի մէջ 15 Յունուարին Մարիա Վոչէ իր խօսքը պիտի ուղղէ Աշխարհական Պուտտայականներու Շարժումի հինգհազար կողմնակիցներուն,ինչպէս որ ֆոգոլարինի Շարժումի հիմնադրուհին հանգուցեալ Գիարա Լուպիխ 1981ին պուտտիսթ հաւատացեալներուն պատմած էր ՝՝քրիստոնեայի՝՝ իր կեանքը։ Իսկ Փիլիպեան Կղզեախումբի մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ 28 Յունուարին Մարիա Վոչը պիտի մասնակցի կլոր սեղանի մը որ իւրաքանչիւր տասը տարին անգամ մը կը համախմբէ Փիլիպեաններու տեղական Կղերը։ Հուսկ Թայլանտիայի մէջ 3 Փետրուարին նախատեսուած է ֆոգոլարինի Շարժումի նախագահի Մարիա Վոչէ-ի միջամտութիւնը՝ Պուտտիսթներու Դ.րորդ Գիտաժողովին ։



2010 Տարուայ Եւրոպայի Մշակոյթի Կեդրոնները՝ Իսթանպուլ,Բէչ եւ Էսսէն։



2010 տարուայ երկայնքին երեք քաղաքներ կը բաժնեկցին ՝՝Մշակոյթի Եւրոպական Մայրաքաղաքի՝՝ դերը. Առաջինը թուրքիոյ Իսթանպուլ քաղաքը,ապա Հունգարիոյ Բէչ եւ Գերմանիոյ Էսսէն քաղաքները։ Իսթանպուլը երեք Կայսրութիւններու՝Հռոմի,Բիւզանդիոնի եւ Օսմանեան Կայսրութիւններու մայրաքաղաքը ( 330-1922) ներկայիս հասարակաց բնակավայր Աբրահամեան երեք կրօններու՝ կը հանդիսանայ աշխարհաքաղաքացիութեան, բազմացեղային ու բազմամշակութային վերապրումի փորձառութեանց օրինակ մը, այսօր դարձած է նաեւ քաղաք մը որ կը հիւրընկալէ՝ փախստականներ , գաղթականներ , արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ։ Իսկ Հունգարիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Բէչ քաղաքը շատ կարեւոր Ակադեմական կեդրոն մըն է երկրի հնագոյն համալսարանովը (հիմնուած 1367ին) որ այսօր ունի 35 հազար ուսանողներ ու Եպիսկոպոսական պատմական Աթոռվ որ անցեալ օգոստոսին տօնեց թեմի հիմնարկութեան հազարամեակը։ Հուսկ Գերմանիոյ Էսսէն քաղաքը հողամասային իրադրութիւն մը կազմուած 53 քաղաքներէ ուր կ՝ապրին հինգ միլոն բնակիչ եւ կը գտնուի մօտիկը՝ Գերմանիա-Պելկիա- Հոլլանտա սահմանագծին։ Բազմացեղային մեծ քաղաք մը որու բնակիչները կ՝ուգան 170 ազգերէ եւ որու ինքնութիւնը խորապէս դրոշմուած է երկրի հանքահորի կեանքով, որ կրնանք ըսել ձեւակերտած է իր բնակիչները՝ միութեան եւ գործակցութեան, քաջութեան ու գործնականապաշտութեան զօրաւոր զգացումով մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.