ԵՐԵՒԱՆ, Յունուար
7ին Երեւանի մէջ վախճանած է անուանի արձակագիր, հրապարակախօս 93 ամեայ Անահիտ Սահինեան,
որ հեղինակ է շարք մը վէպերու եւ վիպակներու։ Անահիտ Սահինեան ծնած է 1917ին, Ստեփանաւանի
շրջանի (Լոռիի մարզ) Վարդաբլուր գիւղը: Աւարտած է Երեւանի շինարարական դպրոցը եւ Երեւանի
Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժինը: 1942-58 աշխատած է «Հայպետհրատում»ի մէջ՝ իբրեւ
մանկապատանեկան գրականութեան բաժնի վարիչ: 1969-87 եղած է «Պիոնէր» ամսագրի խմբագիրը:
Հայերէնի թարգմանած է բազմաթիւ մանկական ստեղծագործութիւններ: «Խաչուղիներ» (1946), «Ծարաւ»
(1954), «Թախիծ» (2 հ., 1974-1981) վէպերու, «Վայելք» (1942), «Նունուֆար» (1994), «Սեփական
հետքերով» (2000) պատմուածքներու, ինչպէս նաեւ պատմուածքներու ու թատերախաղերու «Զիգզագ»
(1976) գրքի հեղինակ է: Անահիտ Սահինեան 1981ին «Ծարաւ» վէպի համար արժանացած է խորհրդային
Հայաստանի պետական պարգեւին:
Ոչ եւս է Մոսկուայի պետական ճարտարապետութեան
՜՜Շուզէվ՝՝ թանգարանի տնօրէն հայազգի Դաւիթ Սարգսեան -կը հաղորդէ Անսա լրատու գործակալութիւնը։
Յետ
երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է 64 ամեայ Դաւիթ Սարգսեան տնօրէնը
Մոսկուայի պետական ճարտարապետութեան ՜՜Շուզէվ՝՝ թանգարանին։
Սարգսեանի մահը
մեծ կորուստ է Ռուսիոյ ճարտարապետութեան ըսած է ճարտարապետ լեւկիէնի աւելցնելով որ
ողբացեալը մեծ ներդրում ունեցած է թանգարանի ճոխացման համար եւ 2000 թուականէն վեր
կը գործէր յատկապէս՝ Մոսկուայի ճարտարապետական կոթողներու քանդումի դէմ,ու քաղաքին
պատմական վայրերու վերանորոգման ի խնդիր։