2010-01-07 13:32:39

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քարոզը Աստուածայայտնութեան տօնին առթով եւ Քահանայապետական անուանում


 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քարոզը Աստուածայայտնութեան տօնին առթով

Չորեքշաբթի 6 Յունուար 2010- Աստուածայատնութեան տօնին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ եւ ապա կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը կատարեց իր գրասենեակի պատշգամէն։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը բացայայտեց տօնին նշանակութիւնը։

Այսօր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը,Եկեղեցին կը տօնէ Աստուածայայտնութիւնը, մեծ լոյսը որ ճառագայթեց Բեթղեհէմի քարայրէն, Արեւելքէն եկած մոգերու միջոցաւ, այդ լոյսը ողողեց համայն մարդկութիւնը։ Երուսաղէմի բնակիչները տեղեակ պահուեցան պատահածէն, սակայն հարկաւոր չնկատեցին երթալ Բեթղեհէմ եւ տեսնել մոգերէն կոչուած ''Հրեաներու թագաւորը''։

Աւելի ուշ, Հերովդէս թագաւորը ինքզինք պարտադրելու համար որպէս միակ թագաւոր Հրէաստանի, անողորմ կերպով սպաննել կու տայ Բեթղեհէմի բոլոր մանուկները որու հետեւանք՝ Սուրբ Ընտանիքը կը պարտադրուի Եգիպտոս փախչիլ։

Մոգերուն դէպքը կը թուի մոռացութեան ենթարկուիլ ։

Մոգերը, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, Մանուկ Յիսուսին նուէր բերին. ոսկի, խունկ եւ զմուռս։ Այս նուէրները բնականաբար չէին համապատասխաներ Յիսուսի անմիջական հարկաւորութիւններուն։ Այդ պարգեւները խոր նշանակութիւն ունին։ Անոնք արդարութեան ներգործութիւն մըն են։ Արդարեւ, այդ ժամանակի արեւելեան մտայնութեան համաձայն, ոսկի, խունկ եւ զմուռս կը ներկայացնեն ճանաչումը անձի մը որպէս Աստուած եւ թագաւոր, մէկ խօսքով այդ նուէրները հպատակութեան ներգործութիւն են։

Մոգերը` փայլուն աստղը տեսնելով, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, ճամբայ ելան։ Իրենց այս նախաձեռնութեամբ՝ նոր ճամբայ մը բացին, աշխարհի վրայ, նոր լոյս մը ծագեցաւ, որ կը շարունակէ մինչեւ մեր օրերը։

Մոգերը, ըսաւ Սրբազան հայրը, օրինակ են ճշմարիտ խոնարհութեան, որ գիտէ հպատակիլ իրմէ մեծ անձին, անիկա քաջութեան ճշմարիտ ներգործութիւն մըն է, որ կը մղէ անհատը ընդունելու այն ինչ որ իրապէս մեծ է, նոյնիսկ երբ կը դրսեւորուի անպաշտպան մանուկի մէջ։ Շատերուն մօտ կը պակսի աւետարանական քաջութիւնը սրտով մանուկ ըլլալ, ինքնիրմէ դուրս գալ քալելու Աստղին ցոյց տուած ճանապարհէն` որ է Աստուծոյ ճանապարհը։ Տէրը, սակայն. իշխանութիւն ունի մեզ կարող դարձնելու որ տեսնենք ու փրկուինք։ Տիրոջմէն խնդրենք որ մեզի պարգեւէ իմաստուն ու անմեղ սիրտ մը, որպէսզի կարենանք տեսնել զինք ու ողողուիլ աշխարհ բերած իր լոյսով ու իր ճշմարիտ ուրախութեամբ։

Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին Նորին Սրբութիւնը Ս. Ծնունդը շնորհաւորեց բոլոր այն Արեւելեան ծէսերու հաւատացեալներուն որոնք կը հետեւին Յուլիանոսի տօնացոյցին, որոնց համար Յիսուսի Ս. Ծնունդը կը զուգադիպի Յունուար 7-ին։



Քահանայապետական անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով գերապայծառ Նշան արքեպիսկոպոս Քարաքեհէեանի հրաժարականը որպէս առաջնորդ Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէներուն, անոր տեղ առաքելական կառավարիչ անուանեց գեր. Հ. Վահան վրդ. Օհանեանը , Մխիթարեան ուխտէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.