2010-01-07 13:32:53

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ Արամ Ա.ի Պատգամը՝ Յիսուսի Ծննդեան տօնին առիթով. ՜՜կառչիլ մնայո՛ւն արժէքներուն՝՝


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ Արամ Ա.ի Պատգամը՝ Յիսուսի Ծննդեան տօնին առիթով. ՜՜կառչիլ մնայո՛ւն արժէքներուն՝՝



Ձեր գանձը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն ։

Այս պատկերաւոր բացատրութեամբ Քրիստոս իր հետեւորդներուն կը յիշեցնէ որ նիւթեղէն ու ժամանակաւոր արժէքներով լեցուն գանձը ժանգ պիտի կապէ ու փճանայ։ Հետեւաբար, կեանքի մնայուն գանձը պէտք է փնտռել այն արժէքներուն մէջ, որոնք ժամանակի ու միջոցի նեղ սահմանները կանդրանցնին ու կը պատկանին յաւիտենականութեան։ Այլ խօսքով, Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդուն Քրիստոս կոչ կ'ուղղէ հողէն ու հողեղէնէն վե՛ր մնալու, երկի՛նքը ապրելու երկրի վրայ եւ անկորնչելի արժէքներով հարստացնելու ու իմաստաւորելու իր կեանքը։

Ահա պատգամը Քրիստոսին՝ դարերէն եկող ու դարերուն գացող։

Ի՞նչ է արժէքը։ Քրիստոնէութիւնը խարսխուած է ո՛չ թէ օրէնքներու, այլ արժէքներո՛ւ վրայ, որոնք աստուածային յայտնութեան ճամբով տրուեցան մարդուն։ Աստուածային յայտնութիւնը իր լրումին հասաւ երբ՝ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ։ Արդ, Բեթղեհէմին մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդին աղբիւր է երկնային արժէքներու։ Ան ըսաւ՝ ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը եւ լոյսը աշխարհին, ես եմ ճանապարհը, ճշմարիտ կեանք առաջնորդող։

Աւետարանը կենդանի վկայարանն է Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած յաւերժական արժէքներուն։ Ան աշխարհին ուղղուած յիշեցում մըն է, թէ Բեթղեհէմէն ճառագայթող արժէքներն են սրբազան գանձը բոլոր անոնց, որոնք որոշած են հետեւիլ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդով բացուած նոր ճամբուն։ Քրիստոսի Աւետարանը միաժամանակ մարտահրաւէր մըն է՝ մարդկային կեանքը աստուածատո՛ւր արժէքներով հունաւորելու, երկիրը երկինքո՛վ իմաստաւորելու ու պայծառակերպելու։

Ներկայ ընկերութեան ամէնէն լուրջ տագնապը աստուածակեդրոն ու մարդակեդրոն արժէքներու բախումն է։ Փաստօրէն այսօրուան մարդը կարող չէ ինքզինք ազատագրելու երկրաւոր արժէքներու, այլ խօսքով՝ փառքի ու շահի, նիւթի ու ժամանակաւորի տիրապետութենէն։ Անոր հետեւանքները կը տեսնենք մեր ընտանիքներէն, մեր դպրոցներէն ու կառոյցներէն ներս։ Անոր հետքերը կը նշմարենք մեր ըմբռնումներուն ու մօտեցումներուն, մեր կենցաղակերպին ու գործելակերպին մէջ։

Մարդակեդրոն շահերու վրայ հիմնուած արժէքները ո՛չ միայն բարոյական, հոգեւոր ու ազգային առումով անկում կը յառաջացնեն, այլ նաեւ անհատը ու ընկերութիւնը կը մղեն չարով ու մեղքով տիրապետուած կեանքի վիճակներուն։ Նմանօրինակ ըմբռնումներուն ու կացութիւններուն դէմ խիստ կեցուածք ճշդեց Աստուծոյ Որդին։ Խարազանեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից էին այդ մոլար ու մոլորեցուցիչ երեւոյթներուն։

Արդ, մեր կեանքէն ներս յաւերժական արժէքներուն հետզհետէ նօսրացող ներկայութիւնը մեր եկեղեցին պէտք է մղէ իր ձայնը բարձրացնելու։ Մեր կեանքէն ներս հետզհետէ տեղ գրաւող արժեչափերու խախտումը, մեր եկեղեցին պէտք է մղէ իր ճշմարիտ դերը ստանձնելու։

Քրիստոսին աշխարհ բերած առաւել կեանք առաջնորդող ճամբան երկնային արժէքներն են։ Երկրաւոր արժէքները դատապարտուած են ցեց ու ժանգ առնելու։ Վեհափառը իր ծննդեան պատգամը եզրափակեց ըսելով. Միշտ յիշենք, Քրիստոսի խօսքը մեր կեանքին անկորնչելի գանձը Բեթղեհէմի ճամբով մեզի փոխանցուած արժէքներն են։ Հեռու այդ գանձէն, աղքա՛տ է մեր կեանքը։ Բեթղեհէմը հրաւէր մըն է մօտենալու այդ գանձին, կառչելու ճշմարի՛տ արժէքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.