2010-01-05 13:49:08

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ ։
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վյաչեսլաւ Քովալենքօն Ծովային եւ Ցամաքային հաղորդակցութեան վարչութեան կազմաւորման 200-ամեակի յիշատակին նուիրուած շքանշանը յանձնած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին։ ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ Տնտեսական Համագործակցութեան միջ-կառավարական յանձնաժողովի համանախագահ, Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար Իկոր Լեւիթինի կողմէ շնորհուած շքանշանը Հայաստանի Վարչապետը բարձր գնահատած եւ ընդունած է երախտագիտութեամբ։

ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԻՍԼԱՄ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ԹԱՐԻՔ ՌԱՄԱՏԱՆ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։
Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ, Զուիցերիոյ, Ճափոնի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ իսլամական ուսումնասիրութեանց փրոֆեսէօր, աշխարհահռչակ իսլամ ակադեմական Թարիք Ռամատան ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ֆրանսահայ ՝՝Նուվել տԱրմենի՝՝ պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով պարբերաթերթի խմբագիր Արա Թորանեանի՝՝Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիտե՞ս եւ զայն կը ճանչնա՞ս՝՝ հարցումին Ռամատան յայտնած է ՝՝Գիտեմ եւ կը ճանչնամ՝՝։ Ինծի համար Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը երբեք կասկածի նշոյլ մը իսկ չէ յառաջացուցած որ կրնանք մերժել իրողութիւնը այն բանին, որ իսկութեան մէջ եւ պատմական առումով Ցեղասպանութիւն էր։ Ան աւելցուցած է, որ մերժումը կը հակասէ իմ կրօնական սկզբունքներուս եւ մարդկային խղճի սկզբունքներուն։ Դէպքերը չենք կրնար մերժել։
Թարիք Ռամատան հեղինակ է ֆրանսերէն եւ Անգլերէն 35 Գիրքերու։

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւեր՝ Շուէտի
Խորհրդարանին մէջ։

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գծով 2009ի գործընթացը, ըստ ՀՀ ԳԱ ակադեմիոյ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանի ոչ միայն շարունակուած է, այլ ունեցած է նորութիւններ։ Առաջին հերթին նկատի ունիմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ նախապատրաստըւած նոր բանաձեւը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին։ Բաւական կարեւոր փաստաթուղթ է այն առումով, որ ցոյց կուտայ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը, ինչպէս ես միշտ ընդգծած եմ, չի կանգնիր, չի դանդաղիր հայ- թրքական արձանագրութիւններու ստորագրման հետ կապուած(ըսած է Ռ. Սաֆրաստեան) եւ յայտնած թէ բանաձեւը նախապատրաստուած է արձանագրութիւններու ստորագրումէն յետոյ եւ կան տեղեկութիւններ, որ համապատասխան բանաձեւեր կը պատրաստուին նաեւ Շուէտի խորհրդարանին մէջ։ Ես կը կարծեմ, որ 2009 տարին մեզի համար նշանակալից էր Ցեղասպանութեան առումով՝ որպէս նախապատրաստական տարի։ Այն հանգամանքը, որ ԱՄՆ նախագահ Օպաման այս տարի առաջին անգամ օգտագործեց ՝՝Մեծ եղեռն՝՝ ձեւակերպումը, կը նշանակէ, որ ԱՄՆ մօտ ապագային կրնան ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը(յայտնած է արեւելագէտը) որ
համաձայն չէ այն կարծիքին թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման քայլերը կասեցուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը։

Ղարաբաղի Մէջ Կատարուած է 13.1 Միլիառ Դրամի Շինարարութիւն։

Դեկտեմբեր 29ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, խօսելով տարուայ յաջողութիւններուն մասին՝ անդրադարձած է նաեւ հանրապետութեան մէջ իրականացած  շինարարութեան աննախադէպ ծաւալին մասին։ Դեկտեմբեր 30ին նոյն նիւթին շուրջ՝ լրագրողներուն հետ խօսած է նաեւ կառավարութեան առընթեր շինարարութեան վարչութեան պետ Կարէն Շահրամանեան, ըստ որուն՝  տարեսկզբին շինարարութեան համար նախատեսուած էր շուրջ 12 միլիառ  դրամ: Ըստ Շահրամանեանի թէեւ վախ եղած է, որ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը կրնայ ազդել նաեւ այս բնագաւառին վրայ, սակայն, անոր հաւաստումով՝ ոչ միայն ապահովուած է այդ ծաւալը, այլ նաեւ գերազանցած եւ իբրեւ արդիւնք՝ տարուան ընթացքին հանրապետութեան մէջ իրականացած  է 13,1 միլիառ դրամի շինարարութիւն:
Արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած եւ հաշմանդամ դարձած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագրով՝ տարուայ ընթացքին կառուցուած է 44 տուն, վերանորոգուած՝ 16, վերանորոգման եւ գնման համար գումար տրամադրուած է 43 ընտանիքի: Ծնունդներու եւ բազմազաւակութեան խթանման ծրագրով, հանրապետութեան 6 եւ աւելի զաւակ ունեցող 28 ընտանիքի համար կառուցուած են առանձնատներ։ Վերաբնակիչներու եւ փախստականներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագրով շահագործման յանձնուած է 28 նոր տուն, վերանորոգուած՝ 55, իսկ 9ը ընտանիքի միջոցներ տրամադրուած են՝ բնակարան գնելու կամ նորոգելու  համար: Կարէն Շահրամանեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է նաեւ 2009ին սկսած նոր ծրագրի իրականացումը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ այս տարի վերաբնակեցուող Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ  կառավարութիւնը բնակարանային պայմաններու բարելաւման նպատակով  բնակիչներուն տրամադրած է շինանիւթեր, եւ բնակիչները իրենց ուժերով իրականացուցած են մնացած աշխատանքները: Շինարարութեան վարչութեան պետին հաւաստումով՝ մեծ աշխատանք կատարուած է նաեւ կրթութեան բնագաւառին մէջ՝ 1.3 միլիառ դրամի ծիրէն ներս. տարուան ընթացքին շահագործման յանձնուած է 6 նորակառոյց դպրոց, իսկ 8ի շինարարութիւնը ընթացքի մէջ է: Վերանորոգուած է 5 դպրոց: Այս աշխատանքներուն մէջ կառավարութիւնը կը համագործակցի նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ։ Զգալի ներդրումներ կատարուած են նաեւ նախադպրոցական, մշակոյթի եւ մարմնամարզի, առողջապահութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ճանապարհաշինարարութեան ոլորտին մէջ: Կարէն Շահրամանեանի տուած տեղեկութիւններով՝ 2010ին շինարարութեան համար պետական պիւտճէէն  պիտի տրամադրուի 11 միլիառ 900 միլիոն դրամ:









All the contents on this site are copyrighted ©.