2010-01-04 14:30:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի հրէական տաճարին մէջ։
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Եկրորդի Հռոմի հրէական տաճար կատարած այցելութենէն 24 տարի ետք, Նորին Սրբութիւն' Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 17 Յունուար 2010ին կ'այցելէ Հռոմի հրէական տաճարը, անիկա կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ ամրապնդելու՝ ՜՜միջկրօնական երկխօսութիւնը՝՝։
Հռոմի ռաբունապետը` Ռիգարտօ տի Սենի, այդ ուղղութեամբ յայտարարեց թէ Երջանկայշատակ ՅՊԲ քահանայապետին այցելութիւնը սատարեց ՜՜փոխադարձ անվստահութեան պատի փլուզումին՝՝։
Այսօր` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը պէտք է տեսնենք որպէս մեզ միացնող ազդակներու այցելութիւն, կլոր սեղանին ձգելով ՜՜ լուծումները առճակատումներու ու անհասկցողութիւններու՝՝։
իսկ յառաջիկայ երկուշաբթի՝ յունուար 11-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Վատիկանի մօտ հաuատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին, Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ տօներու բարեմաղթիւթիւններու ներկայացումին համար։
Կիրակի յունուար 10-ին, տօնն է Քրիստոսի Մկրտութեան։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատարագ կը մատուցէ եւ ապա մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ նորածին մանուկներուն, Սիքստեան մատրան մէջ։
Չորեքշաբթի 6 Յունուար , տօն Աստուածայայտնութեան։
Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր Պատարագ կը մատուցէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ եւ ապա կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը կ'արտասանէ։
Աստուածայայտնութեան տօնը`Յունուար 6 ը. նաեւ՝ երախաներու միսոնարական օրն է։ Այդ օրուան նապատակն է դաստիարակել ու կազմել նոր սերունդը Աւետարանի առաքելութեան։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ
Յունուար 8էն 14 կաթողիկէ եպիսկոպոսներու մէկ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ս. Երկրիր, օգնութեան հասնելու՝ տեղւոյն քրիստոնեայ բոլոր հաւատացեալներուն։ Իր կեցութեան ընթացքին կաթողիկէ եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ պաղեստինեան ու հրեայ իշխանութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի տեսակցի քրիստոնեայ բոլոր համայնքապետերու հետ։
Յունուար 9-ին Վատիկանի պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ հանդիսաւոր պատարագով սկիզբ պիտի տայ 2010 դատական տարւոյն։







All the contents on this site are copyrighted ©.