2010-01-04 14:40:12

Ծիսական Ժամանակացոյց


Ծիսական Ժամանակացոյց

Երեքշաբթի 5 Յունուար 2010-ին Աստուածայայտնութեան տօնի ճրագալոյց է։

Մեծ Տօներու երեկոները սովորութիւն էր եկեղեցւոյ մէջ ճրագ լուցանել. այդ սովորութիւնը նոյնիսկ ամէն կիրակամուտին տեղի կ՝ունենար, եւ Լոյս Զուարթ երգը Օրհնութիւն Ճրագաց կոչուած է։ Բայց հիմա ՜՜Ճրագալոյց՝՝ անունը կը գործածուի միայն Ծննդեան ու Զատկի նախընթաց երեկոներուն արարողութեան՝ ամէնուն ձեռքը մոմեր տալով. եւ նոյնիսկ երկու տօներուն նախընթաց ամբողջ օրը ճրագալոյց կը կոչուի իբրեւ պատրաստութեան օր մեծ տօնին։

Չորեքշաբթի 6 Յունուար Տօն՝ Յիսուս Քրիստոսի աստուածայայտնութեան

՜՜Աստուածայայտնութիւն՝՝ կը կոչուի Քրիստոսի առաջին ու սկզբնական տնօրինութեանց համախմբուած յիշատակութիւնը։ Քրիստոնեաները Առաջին դարուն մէջ հրեաներու հետ, Զատիկը միայն՝ կը տօնէին, անոր կցելով Քրիստոսի Յարութեան յիշատակը բոլոր վերջին տնօրինութեանց հետ։ Երկրորդ դարուն մէջ է որ Քրիստոսի բոլոր սկզբնական տնօրինութիւնները սկսան տօնուիլ Յայտնութեան կամ Աստուածայայտնութեան անուան ներքեւ, եւ որուն հետ ամփոփուեցան ամէն տնօրէնութիւնները՝ որով Քրիստոս աշխարհին յայտնուեցաւ իբրեւ Փրկիչ եւ իբրեւ Աստուած, ինչպէս են ՜՜Գաբրիէլի աւետումը, Եղիսաբէթի այցելութիւնը, Բեթղեհէմի ծնունդը, հրեղտակներու փառաբանութիւնը, ութօրեայ թլփատութիւնը, մոգերու երկրպագութիւնը, քառասնօրեայ ընծայումը, Եգիպտոս փախուստը, Յորդանան մկրտուիլը, երկնային նշանները, Յովհաննու վկայութիւնները մինչեւ իսկ հրաշագործութեանց սկիզբը՝՝։

Այդ մեծ տօնին օրը որոշուեցաւ 6 Յունուարը, ոչ այնչափ ժամանակագրութեան հաշուով որչափ հեթանոսական տօնի փոխանակութեամբ։

Տօնը ունեցաւ իր ութօրէքը իբր մեծ տօն, եւ ճրագալոյցի օրն ալ իբր նախապատրաստական օր եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հաստատուեցաւ 9 օր, Յունուար 5-13։

Իսկ Ե. դարուն երբ արդէն հայ եկեղեցւոյ կարգադրութիւնները լիապէս կազմուած էին թարգմանչաց ձեռքով, յոյները ծնունդը զատեցին եւ զայն դրին 25 դեկտեմբերին։ Յունուար 6 ին դնելով Յայտնութիւնն ու մկրտութիւնը, Հայ առաքելական եկեղեցին կը շարունակէ Յունուար 6 ին յիշատակել Ս. Ծնունդը , իսկ հայ կաթողիկէ եկեղեցին 25 Դեկտեմբերին։

Հայ եկեղեցւոյ մէջ գրեթէ ամբողջ տօնացոյցը եօթնեկական դրութեամբ կազմուած ըլլալով, միայն Աստուածայայտնութեան տօնն է որ արեգակնային ամսաթիւի վրայ հաստատուած է։

Մկրտութիւն Տեառն- Քրիստոսի Մկրտութիւնը Աստուածայայտնութեան տօնին գլխաւոր յիշատակներէն մէկն է եւ միշտ զոյգ կ՝ընթանայ Քրիստոսի Ծննդեան յիշատակին հետ բոլոր ութ օրերուն մէջ։ Յատուկ կերպով Քրիստոսի Մկրտութիւնը կը յիշատակուի Աստուածայայտնութեան օրը ,ջրօրհնէքի արարողութեամբ, եւ Ը. օրուան շարականներն ու աւետարանն ալ բոլորովին Մկրտութեան նուիրուած են, այնպէս որ Ը. օրը կրնայ իբր յատուկ մկրտութեան տօն ըմբռնել։

Հինգշաբթի 7 Յունուարը Օր մեռելոց է։

Տաղաւար տօներու յաջորդող օրը նուիրուած է ննջեցեալներու յիշատակին։ Ան պարտաւորիչ օր եղած է որպէսզի հաւատացեալները կարենան գերեզման երթալով հանգստեան պաշտօն կատարել ու գերեզմանօրհնէք ընել։ Մեռելոց օր նկատուած է նաեւ Բուն Բարեկենդանին նախորդ Հինգշաբթին, քանի որ Մեծ Պահոց շրջանին՝ հոգեհանգիստները կը դադրին։ Տարուան բոլոր ուրբաթ օրերն ալ Մեռելոց օր են, այս պատճառով՝ Ժամասացութեան պահուն ՜՜Հանգստեան Հարց՝՝ կը կատարուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.