2010-01-04 13:18:09

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՈՒՂԵՐՁԸ ՝՝2010 ԿԸ ԹԵՒԱԿՈԽԵՆՔ ՆՈՐ ՅՈՅՍԵՐՈՎ ԵՒ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ՝՝։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ամանորեան ուղերձին մէջ յայտնած է, որ ներկայ դրութեամբ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման աւելի մեծ պաշար գոյութիւն ունի, քան նախորդ տարի։ Ան դիտել տուաւ, որ այդ իմաստով Հայաստան ունի իր կարեւոր ու անփոխարինելի դերակատարութիւնը, որուն մէջ առանցքային է հայոց բանակը, որ օրէ օր կը զօրանայ եւ կը պահպանէ երկրին անդորրութիւնը։ Նախագահը անցնող տարին յատկանշական նկատած է արտաքին քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուած նոր վարքագիծի որդեգրումով, որ, ըստ նախագահին, ո՛չ թէ այլոց քայլերուն արձագանգն է, այլ անձնական նախաձեռնութիւն։
Ակնարկելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ու սահմանի բացման իմաստով առնուած քայլերուն՝ նախագահը իր արտաքին քաղաքականութիւնը որակած է նախաձեռնութիւններ, որոնք կոչուած են մեր երկիրը բարձրացնելու քաղաքական նոր ծիրերու՝ նոր հորիզոններ բանալով անոր դիմաց։ Ըստ նախագահին, 2009 թուականը հանդիսացաւ համայն հայութիւնը յուզող, Հայաստանի եւ հայութեան տեղին ու դերին, ինչպէս նաեւ ներկային ու ապագային մասին շահագրգիռ քննարկումներու կարեւորագոյն ժամանակահատուած։ Իբրեւ արդիւնք՝ ամբողջ աշխարհը տեսաւ ու հասկցաւ, որ հայ ժողովուրդը միասնական է իր նպատակներուն մէջ եւ ուժեղ է իր զաւակներով(ընդծեց նախագահ Սարգսեան)։Սերժ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ տնտեսական իմաստով նախորդ տարին Հայաստանի համար իսկական փորձութեան տարի էր։ Յետ-խորհրդային ճգնաժամէն եւ 90-ականներու պատերազմական տարիներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի տնտեսութիւնը զգալի անկում ապրած է՝ շուրջ 15- 15,5 առ հարիւրով։ Բայց բոլորս կը գիտակցինք, որ մեր երկիրը մենք պիտի շէնցնենք, մեր խնդիրները մենք պէտք է լուծենք։ Համոզուած եղէք, որ 2010 թուականը պիտի ըլլայ ճգնաժամային վիճակի յաղթահարման եւ տնտեսական յառաջընթացի նոր սկիզբ (վստահեցուցած է Հայաստանի նախագահը)։

ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ։
Կիրակի, 3 յունուարին, Անթիլիաս ժամանեց թուրք պատմաբան դոկտ Թաներ Աքչամ։ Դոկտ Աքչամ թուրք առաջին մտաւորականներէն է, որ իր հրատարակութիւններուն ու դասախօսութիւններուն ճամբով շեշտեց Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։ Ան երկար տարիներէ ի վեր դասախօս է գերմանական ու ամերիկեան համալսարաններուն մէջ։ Շուրջ չորս տարի առաջ, երբ Արամ Ա. կաթողիկոս Միացեալ Նահանգներու Սենթ Ճոնս համալսարանին մէջ հրաւիրուած էր դասախօսութիւն տալու, հոն դոկտ Աքչամ հանդիպած էր վեհափառին եւ փափաք յայտնած այցելելու Անթիլիասը։ Թուրք պատմաբանը հինգ օր պիտի մնայ Անթիլիաս եւ դասախօսութիւններ պիտի տայ ու հանդիպումներ պիտի ունենայ մտաւորականներու եւ համալսարանականներու հետ։ Առաջին դասախօսութիւնը տեղի կ՝ունենայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, երկուշաբթի, 4 յունուարի երեկոյեան ժամը 7։00-ին՝ ՝՝Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Թուրքիոյ համար իբրեւ ազգային անվտանգութեան խնդիր՝՝ նիւթով։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՑ 2009-ը ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ՏԱՐԻՆ (Կ՝ԸՍԷ ՏԻԳՐԱՆ ԴԱՒԹԵԱՆ) ։
Ներկայացնելով 2009 տարուան իրագործումները՝ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան յայտնեց, որ 2009 թուականը առանձնապէս դժուար տարի մըն էր տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ երկրին համար,աւելցնելով, որ իրենք աշխատեցան տնտեսական տագնապի, յետընթացի պայմաններուն մէջ։ Ըստ անոր, 2009 թուականը փորձութիւններու տարի մըն էր, որովհետեւ Հայաստան այսպիսի բարդ կացութեան մէջ չէր յայտնուած 1990-ականներէն ի վեր։ Այն կացութիւնը, որուն մէջ յայտնուեցաւ երկիրը, բնականաբար պայմանաւորուած է համաշխարհային միտումներով, քանի որ Հայաստան ամբողջ աշխարհին հետ միասին այդ դժուարութիւնները կիսեց։ Դաւթեան նշեց, որ Հայաստան արժանապատուութեամբ դուրս եկաւ այս տագնապէն։

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՆ ՈՒ ԲՐԻՏԱՆԻԱՆ ԿԸ ՓԱԿԵՆ ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ։
Ի տես Ալ-Քայիտայի սպառնալիքներուն, Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա փակեցին Եմէնի մէջ իրենց դեսպանատուները։ Երկու երկիրները յայտարարեցին, թէ յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրեն Եմէնի կառավարութեան Սուրբ Ծնունդին ամերիկեան օդանաւ մը պայթեցնել փորձած ահաբեկչական կազմակերպութեան մը դէմ պայքարին համար։ Եմէնի մէջԱլ- Քայիտայի թեւին դէմ պայքարը աւելի հրատապ դարձաւ, երբ ամերիկեան օդանաւ մը պայթեցնել փորձած 23-ամեայ նիկերիացի մը խոստովանեցաւ, թէ Եմէնի մէջ կազմակերպութեան կողմէ մարզում եւ ցուցմունք ստացած է։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շաբաթ օրԱլ- Քայիտայի եմէնեան թեւը ամբաստանեց ահաբեկչական փորձին համար։Բրիտանիա երէկ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն միասնաբար Եմէնի մէջ ոստիկանութեան հակա-ահաբեկչական բաժանմունք մը պիտի ֆինանսաւորեն։ Բրիտանիա նաեւ 28 յունուարին պիտի կազմակերպէ միջազգային բարձր մակարդակի խորհրդաժողով մը Եմէնի մէջ, արմատականութեան տարածումը դիմակայելու համար միջազգային ռազմավարութիւն մը մշակելու նպատակով։Եմէնի իշխանութիւնները անցեալ շաբաթ ամերիկեան տեղեկութիւններու օժանդակութեամբ յարձակում գործեցին Ալ-Քայիտայի թաքստոցներուն դէմ եւ աւելի քան 30 զինեալներ սպաննեցին։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.