2010-01-02 12:54:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան պատգամը Սպանիոյ Ս. Յակոբ Գոմբոսդելայի Սուրբ տարւոյն բացման առթիւ.


Նորին Սրբութեան պատգամը Սպանիոյ Ս. Յակոբ Գոմբոսդելայի նուիրուած'

Սուրբ տարւոյն բացման առթիւ. ''Ուխտագնացութիւնը դէպի Ս. Յակոբ առաքեալի գերեզմանը առիթ մըն է հոգեւոր կեանքի վերանորոգումի, ուստի շնորհքի ու ներումի յատուկ ժամանակ է''։

՜՜Սանդիակօ տէ Գոմբոսդելա՝՝ աթոռանիստ եկեղեցւոյ սուրբ դրան բացումով, հինգշաբթի օրը 31 յունուար 2009ին, սկիզբ առաւ Գոմբոսդելայի 2010 Ս. տարին, որուն հրաւիրուած են սպանացի, եւրոպացի ու համայն աշխարհի հաւատացեալները ուխտագնացութիւն կատարելու, այն վայրը ուր աւանդութեան համաձայն, կը հանգչին Ս. Յակոբ առաքեալի աճիւնները ։

2010՝ սուրբ տարին, 119րդ սուրբ տարին է, սկսած՝ այն թուականէն, երբ Գալիսդօ Բ. Քահանայապետը 1120ին շնորհեց իրաւունքը Սանդիակօ տէ Գոմբոսդելա թեմին հռչակելու՝ սուրբ տարին, ՜՜ամէն անգամ որ սուրբ Յակոբ առաքեալի տօնը, յուլիս 25, կը զուգադիպի կիրակի օր մը՝՝։

Սանդիակօ տէ Գոմբոսդելա թեմի առաջնորդը, արքեպիսկոպոս Ժիւլիան Պառիօ հաւատացեալներուն ուղղած թուղթին մէջ կը ներշնչուի Էմմաուսի դէպքէն, բացայայտելու համար սուրբ տարւոյն նշանակութիւնը, ոգին եւ ուխտագնացութեան վայրը։

Գոմբոսդելի տարւոյն առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ուղղած պատգամին մէջ Գոմբոսդելի սուրբ տարին կ'որակէ շնորհքի, ներումի, վերանորոգումի ու վկայութեան յատուկ ժամանակ ։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամով կը մատնանշէ ՜՜Սանդիակօ տէ Գոմբոսդելա՝՝ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան դարաւոր հոգեւոր հարստութիւնը։ Այդ ուխտագնացութիւնը դէպի գերեզմանը Ս. Յակոբ առաքեալին, Եւրոպայի համար պէտք է ըլլայ կոչ մը վերադառնալու իր քրիստոնէական արմատներուն։

Ս. Տարին բարեպատեհ առիթ մըն է, որպէսզի հաւատացեալները հանդիպում ունենան Քրիստոսի հետ եւ խորհրդածելու սրբութեան իրենց կոչումին, առիթ մըն է նաեւ կարդալու Աւետարանը` Աստուծոյ խօսքը, որպէսզի անկէ լուսաւորուին ու անով ապրին։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ նաեւ կը գրէ ՜՜Գոմբոսդելի սուրբ տարին բարեպատեհ առիթ մըն է նաեւ ոչ հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնք եւս կարելիութիւն ունենան Քրիստոսի հետ հանդիպում ունենալու եւ լուսաւորուելու։ Քրիստոս աշխարհ եկաւ որպէսզի մարդիկը կեանք ունենան՝՝։

Յայտնենք թէ Յակոբեան տարւոյն բնաբանն է. ''ուխտագնացութիւն կատարենք դէպի լոյս, հաւատքի ուխտաւորներ, եւ վկաները Յարուցեալ Քրիստոսի''

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ'եզրափակէ ըսելով. ՜՜ ջերմօրէն աղօթքս կը բարձրացնեմ Քրիստոսին։ Թող Տէրը առաջնորդէ ուխտաւորները, որպէսզի իրենց ուխտագնացութեան ընթացքին կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.