2010-01-02 12:55:23

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն
Կալկաթա - Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արա Յակոբեան այցելեց Արեւմտեան Պենկալ նահանգի մայրաքաղաք Կալկաթա։ Նոյն օրը ան հանդիպումներ ունեցաւ Կալկաթայի Հայոց Ս Նազարէթ մայր եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետ Մայքլ Դաթի, խորհուրդի աւագ անդամ Սունիլ Սոպթիի, հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ ու Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ հայր Խորէն Յովհաննիսեանի եւ համայնքի այլ ներկայացուցիչներու հետ։

Թուրքիոյ մէջ կը ներկայացուին Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները

Արմէնփրէս կը հաղորդէ թէ Կրթութեան զարգացման ակադեմիոյ՝ Զբօսաշրջութեան զարգացման հայկական գործակալութեան, ԱՄՆ ՄԶԳ Մասնաւոր մրցունակ հատուած Հայաստանում ծրագրի կազմակերպութեամբ եւ թուրք զբօսաշրջիկային միութեան համագործակցութեամբ, Դեկտեմբեր 13-14 Պոլսոյ մէջ ԱՄՆ ՄԶԳ հայաստանեան առաքելութեան նախաձեռնութեամբ կայացած է տարածաշրջանային զբօսաշրջիկութեան զարգացման նուիրուած համաժողով-պիզնէս ֆորում, որուն մասնակցած են Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանն ու Թուրքիան։ Համաժողով-պիզնէս ֆորումը յաջորդած է Իզմիրի մէջ Դեկտեմբեր 10-12ին տեղի ունեցած զբօսաշրջիկային ցուցահանդէսին, որուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած էր նաեւ Հայաստանը։
Իզմիրի մէջ կայացած ցուցահանդէսին Հայաստանը ներկայացուած է իբրեւ նախընտրելի զբօսաշրջավայր՝ տրամադրելով գովազդային-տեղեկատուական նիւթեր։
Պոլսոյ մէջ հայաստանեան պատուիրակութիւնը մասնակցած է տարածա-շրջանային զբօսաշրջիկութեան զարգացման հիմնախնդիրներուն նուիրւած համաժողովին, որուն ընթացքին կայացած են տարբեր հանդիպումներ եւ քննարկումներ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Ներկայացուցիչները համոզում յայտնած են, որ Հայաստանի ունեցած յաջողութիւնը եւ մեր երկրի հանդէպ առաջացած հետաքրքրութիւնը նոր զարգացումներ կը խոստանան տարածաշրջանային զբօսաշրջիկութեան զարգացման առումով։







All the contents on this site are copyrighted ©.