2010-01-01 12:10:12

Ամանորի խորհրդածութիւն- Ապրէ զայն։


Ամանորի խորհրդածութիւն- Ապրէ զայն։



Ամէն տարի, իմ նպատակներէս մէկը կ՝ըլլայ, ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալ ծայրէ ծայր։

Այս տարուան սկզբնաւորութեան, երբ որոշումներս կը ցանկագրէի, նկատեցի պզտիկ յուշագիր մը սեղանիս վրայ։

Յուշագրին մէկ կողմը կոչ մը կար մանուկներ խնամելու եւ միւս կողմը գրութիւն մը. ՜՜Մի կարդար զայն, այլ Ապրէ . Իրական մանուկներ, իրական պատմութիւն, իրական կեանք՝՝։ Այդ ծանուցումը պատրաստող անձերը գիտեն թէ որքան շուտ եւ դիւրաւ կ՝ընկալենք նման տեղեկութիւններ առանց սակայն գործնական քայլ առնելու։

Այս անձերը կ՝ուզեն որ մարդիկ գործնականապէս պատասխանեն այդ կոչին։

Աստուծոյ խօսքը կանոնաւոր կերպով մեր մտածումին առարկայ դարձնելը շատ կարեւոր փորձառութիւն մըն է։ Բայց հոն հարցը վերջ չի գտներ։ Եզեկիէլ մարգրէն կը խօսէր ժողովուրդի մը, որոնք կը սիրէինմտիկ ընել անոր, բայց կը մերժէին գործադրել անոր ըսածը։ Տէրը կ՝ըսէ Եզեկիէլի. ՜՜ Ահա դուն անոնց... ախորժելի երգի մը պէս ես, անոնք քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր՝՝։

Յիսուս ըսաւ. ՜՜Ուրեմն, ով որ կը լսէ այս խօսքերս եւ կը գործադրէ զանոնք . պիտի նմանցնեմ զայն ուշիմ մարդու մը որ իր տունը կը շինէ վէմի վրայ՝՝։(Մատթէոս 7-24)

Արդ, այս տարուան ընթացքին ի՞նչպէս պէտք է կարդալ Աստուածաշունչը. արագօրէ՞ն, որպէսզի շուտով վերջացնենք... կամ թէ այն նպատակով որ գործադրենք ամէն ինչ որ կ՝ըսուի հոն։ Մի կարդար զայն պարզապէս այլ ապրելու նպատակով։

՜՜Աստուածաշունչին արժէքը զայն կարդալուն մէջ չէ միայն, այլ աւելի՝ զայն կիրարկելուն մէջ՝՝








All the contents on this site are copyrighted ©.