2009-12-31 12:09:50

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան գոհունակութեան աղօթքը 2009 տարւոյն վերջին օրուան առթիւ


Հինգշաբթի 31 Դեկտեմբեր , 2009 տարւոյն վերջին օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, յետմիջօրէին կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, եւ որուն ընթացքին գոհունակութեան աղօթք կը բարձրացնէ Ամենակալին, 2009 տարւոյն ընթացքին համայն մարդկութեան շնորհած բարիքներուն համար։



Ուրբաթ` մէկ Յունուար 2010, Ամանոր է, նաեւ տօն Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի, եւ խաղաղութեան համաշխարհային 43րդ օր, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը համապատարագէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, ներկայութեամբ՝ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն։ Խաղաղութեան համաշխարհային 43րդ օրուան նիւթն է. ''Եթէ կ'ուզես մշակել խաղաղութիւնը, պահպանէ արարչագործութիւնը''։

Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն. Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, Արդարութեան եւ Խաղաղութեան Քահանայապետական խորհուրդի վաստակաւոր նախագահը` կարտինալ Ռենադօ Մարթինօ, Վատիկանի ներքին գործոց նախարարը` գերապայծառ ֆիլոնի եւ Ս. Աթոռի արտգործ նախարարը` գերապայծառ Մանպերթի։





Վատիկանեան տեղեկութիւններ

ֆրանսային հանրապետութեան նախագահին շուտափոյթ առողջութեան մաղթանքի նամակը կարտինալ Էչիկարային։

Յիսուսի Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագին ընթացքին, անհաւասարակշիռ երիտասարդուհիի մը կատարած յարձակումին, ինպէս ըսած էինք Կարտինալ Էչիկարայ գիտին իյնալով կոնքը կոտրած էր։ 87ամեայ կարտինալը կիրակի 27 դեկտեմբերին վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուեցաւ որը յաջող անցած է։





Այս առթիւ իր յղած նամակով ֆրանսային հանրապետութեան նախագահ՝ Նիքոլա Սարկոսին շուտափոյթ առողջութիւն կը մաղթէ կարտինալ Էչիկարայի։ Նախագահը կը յայտնէ իր յուզումն ու գորովը հանդէպ ֆրանսացի կարտինալին։





Սրբազան Հօր ցաւակցական հեռագիրը ի լուր Թոքիոյի առաջնորդի մահուան։

Ոչ եւս է կարտինալ Պեդեր Շիրայանաճին, վաստակաւոր առաջնորդը Ճաբոնի Թոքիօ թեմին։

Ի լուր անոր մահուան Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցան հեռագիր մը յղած է Ճաբոնի քրիստոնեայ համայնքին, ուր ի յայտ կը դնէ հանգուցեալ կարտինալին նուիրումը Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ եւ միաժամանակ իր աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենաբարին Աստուծոյ որպէսզի իր ծառան ընդունի Արքայութեան մէջ։

Կարտինալ Պեդեր Շիրայանաճի ծնած էր Թոքիօ 17 յունիս 1928ին։ 1954ին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուէր։ 1966ին եպիսկոպոս կ'օծուէր։ 1994ին՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը անոր կը շնորհէր կարտինալական աստիճանը։

Թեմի առաջնորդարանը կը հաղորդէ որ հանգուցեալ կարտինալին թաղման կարգը պիտի կատարուի յառաջիկայ երեքշաբթի օրը, 5 Յունուար 2010ին, Թոքիոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Յայտնենք թէ կարտինալ Պեդեր Շիրայանաճիի մահով կարտինալական դասը կը հաշուէ 184 ծիրանաւոր, որոնցմէ 112ը՝ Քահանայապետ ընտրող են, եւ 72ը՝ ոչ ընտրող կարտինալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.