2009-12-29 12:42:31

Մատրիտի մէջ մէկ միլիոն հաւատացեալներ մասնակցեցան Ս. Ընտանիքի տօնախմբութեան։


Մատրիտի մէջ մէկ միլիոն հաւատացեալներ մասնակցեցան Ս. Ընտանիքի տօնախմբութեան։

Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Սպանիայի մայրաքաղաքը Լիմա կոչուած հրապարակը, կազմակերպութեամբ կարտինալ Ռուոգօ`Մատրիտ թեմի առաջնորդէն։ 1982ին, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբազան Քահանայապետը, նոյն հրապարակէն բացականչած էր' մարդկուիթեան ապագան կախեալ է քրիստոնեայ ընտանիքէն''։ Հռոմի թեմի տեղապահը կարտինալ Վալլինի անձամբ մասնակցած է տօնախմբութեան, Եւրոպայի այլ թեմերու առաջնորդներու հետ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ողջոյնը հետը բերելով կարտինալ Վալլինի յայտարարած է թէ Ընտանիքը Եւրոպայի մէջ կարելի չէ սահմանափակել առանձնական մարզէն ներս, անիկա հրապարակային եղելութիւն մըն է։ Ի տես ընտանիքի հաստատութեան տագնապին եւ այսպէս կոչուած թուր ընտանիքներու կազմութեան, հոս կ'ուզենք ձեզի հաղորդել Քրիստոսի սէրը։

Հանդիսութիւնը սկսաւ ընտանիքներու շարք մը վկայութիւններով ապա Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Անթոնելլի եւ աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Ռիլքօ ողջունեցին ներկանները ընդգծելով թէ միմիայն քրիստոնեայ ընտանիքը կարող է փրկել Եւրոպան։

Մատրիտի առաջնորդը կարտինալ Ռուոգօ գլխաւորեց համապատարագը մասնակցութեամբ բազմաթիւ եպիսկոպոսներու։

Իր արտասանած քարոզին մէջ Մատրիտի առաջնորդը ընդգծեց քրիստոնեայ ընտանիքի հաստատութիւնը պատկերն է Նազարէթի սուրբ ընտանիքի, միակը որ կը պաշրտպանէ կեանքը, մանուկը, հիւանդը եւ անկարը։ Պետութիւնները հեշտութեամբ կը դիմեն ապահարզանի եւ հակածննդաբերութեան քաղաքականութեան։ Քրիստոնեայ ընտանիքը սրբավայրն է ընկերութեան։ Առանց ձեզի Եւրոպան կը մնայ առանց զաւակի, առանց սիրոյ ու առանց ապագայի։

Նշենք թէ 2011ին Մատրիտի մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.