2009-12-29 13:03:38

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱԶԳԻ ԼԻԼԻԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐ։
՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ուրուկուէյի նոր նախագահ Խոսէ Մուխիքա երկրի զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար նշանակած է ծագումով հայ Լիլիան Քէշիշեանը։ Լիլիան Քէշիշեան եղած է Ուրուկուէյի խորհրդարանի անդամ, սակայն վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին ան չէր ընտրուած։ Հայազգի գործիչին նշանակումը իշխանութեան աղբիւրները կը բացատրեն այն բանով, որ ան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ մեծ փորձառութիւն ունի եւ կը վայելէ հասարակական շրջանակներուն համակրանքը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԷԱԿԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Կ՝ԸՍԷ ՇԱՐՄԱԶԱՆՈՎ) ։
Հայաստանի Հանրային Ռատիոն կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար, խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով,Նովոսթի միջազգային կեդրոնին մէջ տարուան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ նախորդ տարուան ընթացքին Հայաստան էական նուաճումներ արձանագրած է արտաքին քաղաքականութեան եւ մարզական բնագաւառներուն մէջ։ Շարմազանով կը հաւատայ, որ ոչ թէ կուսակցութիւնը, այլ ընդհանրապէս Հայաստանը 2009 թուականի ընթացքին շրջանին մէջ աւելի ուժեղ դարձած է։ Հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման հարցը Հայաստանին առիթ տուած է աւելի լուրջ գործընկերոջ մը հեղինակութիւնը ձեռք բերել միջազգային հանրութեան շրջանին մէջ։ Ըստ անոր, եթէ Հայաստան կը շարունակէ յայտարարել, որ պատրաստ է յարաբերութիւններ հաստատելու, ապա արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք Թուրքիա հարցը պիտի շահարկէ եւ ձգձգէ։ Թուրքիա ստորագրած է արձանագրութիւններու տակ, ուր սեւով ճերմակի վրայ գրուած է, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները պէտք է բարելաւուին այս կէտերուն համաձայն եւ առանց նախապայմաններու։ Մեր դիրքորոշումը, ինչպէս նախագահը կըսէր, մեր ՝՝այո՝՝ն այո է, ոչ-ը ՝՝ոչ՝՝։ Մենք երբեք խաղեր չենք խաղացած, ո՛չ ալ խնդրայարոյց բաներ սարքած ենք։ Մենք շատ յստակ կը շեշտենք, որ եթէ որեւէ կողմ, որոնց շարքին թրքական եւ ազրպէյճանական կողմերը, իր միտքէն անցընէ, որ Հայաստան միակողմանի զիջումներ կը կատարէ, ապա շատ կը սխալի(նշած է Շարմազանով)։ Ըստ անոր, կանխատեսելի էր, որ Թուրքիա հայ-թրքական յարաբերութիւնները փորձէ ղարաբաղեան հարցի լուծման առնչել։ Սակայն, պատգամաւորը զուշացուց, որ ոչ ոք կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ճակատագիրը որոշել առանց ժողովուրդի կարծիքին։ Ըստ անոր, խնդիրին բանալին Ստեփանակերտի մէջ կը գտնուի։
ՎԱՐԴԱՆ ՕՍԿԱՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 180 ԱՍՏԻՃԱՆՈՎ ՓՈԽՈՒԱԾ Է։
Հայաստանի Հանրային Ռատիոն կը հաղորդէ, որ տեղի ունեցած է ՝՝Սիվիլիթաս՝՝ հիմնադրամի ՝՝Հայաստան-2009 խոստում եւ իրականութիւն՝՝ վերնագիրով տարեկան երկրորդ զեկոյցը։ Արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան այս առիթով խօսած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատման հաւանական գործընթացին մասին։ Տասը տարիներու ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ղեկավարած Վարդան Օսկանեանին համար կը թուի, թէ ինք անծանօթ է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան։ Սերժ Սագրսեանի եւ Էդուարդ Նալբանդեանի հետ միասին մէկ խմբակի մէջ աշխատած ենք, սակայն այսօր ամէն ինչ 180 աստիճանով փոխուած է( ըսած է նախկին նախարարը) ըստ որուն, գոնէ արտաքին քաղաքական պատկերացումը պէտք է նոյնը ըլլար։
ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԻԶԻՒՄԻ ՔԱՂԱՔԸ ՃԱՆՉՑԱԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։
ՔԻԵՒ- «Թերթ».- Ըստ «Analitika.at.ua»ին՝ Ուքրանիոյ Խարկովի շրջանի Իզիւմի քաղաքական խորհուրդը, քննարկած եւ միաձայն հաստատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող‘ Իզիւմի հայկական համայնքի վարչութեան ղեկավար Նիկոլայ Ադիխանեանի ուղերձը: Քաղաքական խորհուրդը որոշած է դիմել Ուքրանիոյ նախագահին եւ Գերագոյն Ատեանին՝ հայ ժողովուրդին սատարելու եւ օրէնսդրօրէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խնդրանքով: Ըստ Նիկոլայ Ադիխանեանի ուղերձին՝ ասիկա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է Ուքրանիոյ հայկական համայնքին եւ ընդհանրապէս ողջ հայ ժողովուրդին համար: Ադիխանեան  շնորհակալութիւն յայտնած է իր բոլոր գործընկերներուն՝ աջակցութեան համար:Նշենք, որ ասիկա Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երրորդ որոշումն է, որ կ՛ընդունուի  Ուքրանիոյ կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.