2009-12-28 12:37:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը ու ճաշը կարօտեալներու հետ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այցելութիւնը ու ճաշը կարօտեալներու հետ։



Ս. Ընտանիքի տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հիւրը եղաւ Սան Էճիտիօ կոչուած հասարակութեան, ուր կէսօրին ճաշեց վերոյիշեալ հասարակութեան կարօտեալներու հետ։ Սրբազան Հօր սեղանակիցները շուրջ 200 հոգի էին։

Անոր հետ նստսած էին 4 հոգինոց քնչու ընտանիք մը, աֆղանացի մը, սոմալացի կին մը, նիճերեացի քրիստոնեայ մը, երկու իտալացի տարիքոտներ եւ ծննդէ անդամալոյծ 25 տարեկան երիտասարդ մը, ծնողքէն մերժուած։ Ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ հասարակութեան հիմնադիրը փրոֆեսոր Ռոգարտին։

Սեղանի օրհնութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց ներկաներուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս բարեպատեհ առիթին համար։

Սրբազան Հայրը իր սեղանակիցներուն ըսաւ.Աստուած նախ ինք մեզ սիրեց եւ կը շարունակէ մեզ սիրել եւ այս պատճառաւ մենք եւս կանչուած ենք զինք սիրելու։ Յիսուս ըսաւ. անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ինծի ջուր տուիք, հիւանդ էի եւ ոնծի այցելեցիք, բանտ էի եւ ինծի եկաք։ Բոլոր այս բաները որ ըրիք իմ եղբայրներուս համար ինծի ըրած էք։

Սիրելիներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, լսելով Յիսուսի այս խօսքը, ինչպէս ինքզինքս բարեկամ զչգալ բոլոր անոնց որոնք կը տառապինի։ Ձեր մէջ ուզեցի գալ Ս. Ընտանիքի տօնին օրը, որովհետեւ դուք կերպով մը կը նամանիք Յիսուսի ընտանիքին։ Արդարեւ Յիսուսի ընտանիքը առաջին օրերուն իսկ դժուարութիւններու մէջ գտնուեցաւ։ Բեթղեհէմի մէջ հիւրընկալութիւն չգտաւ, պարտաւորուեցաւ Եգիպտոս փախչիլ ապաստան գտնելու համար։ Դուք շատ լաւ գիտէք թէ ինչ կը նշանակէ դժուարութիւն բառը, սակայն ձեր մօտ գտաք Սան Էճիտիոյի հասարակութիւնը, որ Աստուծոյ սիրոյն մէկ նշանը կը ցոլացնէ։ Եղբայրներ` սիրելով եւ ծառայելով, Տիրոջ ուրախութիւնը հաղորդած կ'ըլլաք, որովհետեւ աւելի ուրախութիւն կը գտնենք տալու մէջ քան ընդունելու մէջ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. Ծննդունդի տօնական օրերուն մէջ ենք։ Աստուած Մանուկ դարձաւ մեր սիորոյն ու փրկութեան համար։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի ծնունդ եւ գոհունակութիւնը փորձարկելու Աստուծոյ սէրը։ Ձեր վրայ կը հայցեմ Ս. Կոյս Մարիամի պաշտպանութիւնը, ան մեզի կը սորվեցնէ շուտափոյթ վազել դէպի կարօտեալ եղբայրները։ Սիրով ձեզ ամէնքը կ'օրհնեմ։

Ճաշին աւարտին Նորին Սրբութիւնը անձամբ բաշխեց պտուղը իր սեղանակիցներուն եւ մանուկներուն հետը բերած նուէրները յանձնեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.