2009-12-28 12:37:50

Ամանորեայ տօնական ձեռնարկները


Ամանորեայ տօնական ձեռնարկները
Ամանորեայ տօնական ձեռնարկները Հայաստանի մէջ կը սկսին Դեկտեմբեր 25էն
Այս տարի ամանորեայ տօնական միջոցառումները Հայաստանի մէջ Դեկտեմբեր 25-ին սկսան եւ կը շարունակուին մինչեւ 2010ի Յունուար 13-ը ներառեալ։ Վաղը Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանը պիտի վառէ Երեւանի կեդրոնական տօնածառի լոյսերը, անկէ ետք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ փոքրիկ միջոցառում պիտի կազմակերպուի քաղաքացիներուն համար։
Ինչպէս նախատեսուած է Դեկտեմբեր 31-ի ժամը 24։00-ին քաղաքի 15 հատուածներուն մէջ միաժամանակ հրավառութիւն տեղի պիտի ունենայ, իսկ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Ձմեռ պապիներ եւ Ձիւնանուշներ խաղեր պիտի կատարեն փոքրիկներուն հետ։ Ի տարբերութիւն անցեալ տարիներու, այս անգամ Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը ելոյթներ չեն նախատեսուած էստրատային երգիչներու կողմէ։ Այսպիսի ելոյթներ նախատեսուած են Յունուար 13-ին։
Երեւանի քաղաքապետարանի արտաքին ձեւաւորան եւ գովազդի վարչութեան պետ Արմէն Յարութիւնեանի խօսքով՝ արտաքին ձեւաւորման աշխատանքները մայրաքաղաքէն ներս դեռ կը շարունակուին։ Կեդրոնական տօնածառը ներմուծուած է Ռուսաստանէն եւ ունի 27 մեթր բարձրութիւն։ Տօնածառի ձեւաւորման համար այս տարի օգտագործուեցան եղեւնիներու ճիւղեր, 4128 խաղալիքներ, ինչպէս նաեւ օգտագործուեցաւ 21 հազար 200 լամպ։ Զարդարանքը ստանձնեցին Մոսկուայէն մասնագէտներ, որոնք մի քանի օր առաջ ժամանեցին Երեւան։
Երեւանի քաղաքապետարանի մշակութային բաժնէն հաղորդեցին, որ ռուսաստանցի մասնագէտները իրենց հետ բերած են երկու եղեւնիներ, որոնք պիտի տեղադրուին քաղաքապետարանի շէնքին յարող տարածքէն ներս, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ։

Նարեկի Տիրամօր ընկերային-բժշկական կեդրոնի տարեցներու նուիրուած Ամանորի խրախճանք։
Կազմակերպութեամբ Նարեկի Տիրամօր ընկերային-բժշկական կեդրոնի տարեցներու ակումբին, 23 դեկտեմբեր 2009-ին, կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք՝ ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքին, նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեանին, հրաւիրեալներու եւ տարեցներու։
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Նարեկի Տիրամօր ընկերային-բժշկական կեդրոնի տնօրէն Կոստան Եափուճեան, որ նշեց, թէ շնորհիւ նուիրեալներու օժանդակութիւններուն՝ իւրաքանչիւր տարի կարելի կըլլայ իրականացնել նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ, որոնք կը ստեղծեն ուրախ ու հաճելի մթնոլորտ։ Եափուճեան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր տիրոջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, հաստատութիւններուն ու անհատներուն, որոնք միշտ կը նպաստեն ընկերային-բժշկական կեդրոնին։
Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը Ս Ծննդեան տօնին առիթով ներկաներուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները։ Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ շեշտելով, որ տարեցներուն գնահատանքի մթնոլորտներ ստեղծելը ունի իր յատուկ նշանակութիւնը։
Ընկերային ձեռնարկին ընթացքին Ամանորի կարկանդակը հատեց 101 տարեկան տարեց մը, մինչ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս Գրիգոր Լուսաւորիչի սկաուտները։
Ամանորի խրախճանքին աւարտին Կաղանդ պապուկը նուէրներ բաժնեց տարեցներուն՝ անոնց պատճառելով մեծ ուրախութիւն։

Արտակ արք Մանուկեանի թանգարանի ցուցասրահի բացումը։
Թեհրանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Արտակ արք Մանուկեանի վախճանման 10-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք Սարգիսեանի ձեռամբ, տեղի ունեցաւ Թեհրանի Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Արտակ արք Մանուկեան թանգարանի ցուցասրահի բացումը։
Թանգարանի վարիչ ճարտարապետ Շերլի Աւետեան շնորհակալութիւն յայտնեց նկարիչ Սեդրակ Նազարեանի եւ արուեստաբան Ժանեթ Լազարեանի՝ ցուցասրահի կազմաւորման գործին մէջ իրենց ցուցաբերած անվերապահ օժանդակութիւններուն համար։
Ապա Սեպուհ արք Սարգիսեան խօսք առնելով՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ թանգարանը կոչուած է Արտակ արք Մանուկեանի անունով, որովհետեւ ան տարիներով իր բոլորանուէր ծառայութիւնները մատուցած է Թեհրանի հայոց թեմին։ Ան նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց թանգարանի տնօրէնութեան եւ արուեստագիտուհի Լիլիթ Տէրեանին, որուն յանձնեց յուշանուէր մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.