2009-12-27 13:06:52

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, դեկտեմբեր 27, տօն Ս. Ընտանմիքին` Յիսուսի, Մարիամի եւ Յովսէփի, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Մեր սիրտերն ու հոգիները տակաւին ողողուած են Յիսուսի Ծննդեան ուրախութեամբ, ուր հովիւները ս. Կոյս Մարիամի ու Յովսէփի հետ երկիրպագութիւն ըրին մեր Փրկչին, այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Ընտանմիքը` Յիսուս, Մարիամ եւ Յովսէփ, Ուրախ եմ ձեզ ողջունելու եւ յատկապէս կ'ողջունեմ այն ընտանիքները որոնք դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Ձեզի հետ միասին գոհութիւն կը մատուցանեմ Աստուծոյ Նազարէթի սուրբ Ընտանիքին համար։ Մարիամ եւ Յովսէփը Մանուկ Յիսուսին ոչ միայն հաց հայթայթեցին, այլ անոր տուին հաւատքի ու սիրոյ ճշմարիտ վկայութիւն։ Թող Անոնց օրինակը առաջնորդէ բոլոր ընտանիքները եւ դառնան անսպար աղբիւր ուրախութեան ու երջանկութեան։

Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ անդորր տարեվերջ։

Յայտնենք թէ Ս. Ընտանմիքին` Յիսուսի, Մարիամի եւ Յովսէփի տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի խումբ մը կարօտեալներու, խնամուած Սան Էճիտիոյի հասարակութենէն եւ անոնց հետ բաժնեց կէսօրուայ ճաշը։



Ս.Ընտանմիքին` Յիսուսի, Մարիամի եւ Յովսէփի տօնին առթիւ Սպանիայի Մատրիտ թեմի առաջնորդը` կարտինալ Ռուոքօ գլխաւորեց բացօդեայ հանդիսաւոր համապատարգ մայրաքաղաքի Լիմա կոչուած հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ Եւրոպայի զանազամ քաղաքներէն եկած եկեղեցականներու ու հաւատացեալներու։

Հաւաքին բնաբանն է. ''Եւրոպայի ապագան ընտնիքէն կախեալ է''։

Կարտինալ Ռուիքօ իր հովուական թուղթին մէջ գոհութիւն կը մատուցէ Ամենակալին ընտանիքի շնորհքին համար, հաստատութիւն մը որ օրհնեց ու սրբացուց իր Միածին Որդւոյն ծննդեամբ նազարէթ ընտանիքի մը մէջ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին ս. Պետրոսի Հրապարակէն ողջունեց Մատրիտի պատարագին մասնակցող հաւատացեալները։








All the contents on this site are copyrighted ©.