2009-12-27 13:07:41

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում, դեկտեմբեր 27, Է. Կիրակի Յիսնակաց:


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում, դեկտեմբեր 27, Է. Կիրակի Յիսնակաց:



Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն ԺԹ գլուխ, 11-28 համարները։



Ընթերցում Սուրբ Ղուկասի Աւետարանէն



11Մինչ մարդիկ այս խօսքերը կը լսէին, ուրիշ առակ մըն ալ պատմեց, որովհետեւ ինք Երուսաղեմի կը մօտենար եւ ոմանք կը համարէին թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը շուտով կը յայտնուի: 12’’Իշխանազուն մը, ըսաւ Յիսուս, մեկնեցաւ հեռաւոր երկիր մը, թագաւորութիւն ստանալու եւ վերադառնալու: 13Կանչեց իր ծառաներէն տաս հոգի, բաժնեց անոնց տասը մնաս եւ ըսաւ. ‘Շահագործեցէք զանոնք մինչեւ որ վերադառնամ’: 14Իսկ իր երկրի քաղաքացիները կ’ատէին զինք եւ ետեւէն պատուիրակութիւն մը ղրկեցին ըսելու համար՝ չենք ուզեր որ ասիկա մեր վրայ թագաւորէ: 15Թագաւորութիւնը առնելէ ետք, վերադարձաւ եւ կանչեց ծառաները, որոնց դրամ բաժնած էր, տեսնելու համար թէ իւրաքանչիւրը ի՞նչ շահած էր: 16Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. ‘Տէ՛ր, մնասդ տաս մնաս եւս բերաւ’: 17Տէրը պատասխանեց. ‘Լա՛ւ, ազնիւ եւ բարի ծառայ, քանի որ քիչին մէջ հաւատարիմ եղար, իշխանութիւն ունեցիր տասը քաղաքներու վրայ’: 18Երկրորդը եկաւ եւ ըսաւ. ‘Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս բերաւ’: 19Ասոր ալ պատսխանեց. ‘Իշխանութիւն ունեցիր հինգ քաղաքներու վրայ’: 20Ուրիշ մը եկաւ եւ ըսաւ. ‘Տէ՛ր, ահաւասիկ քու մնասդ զոր լաթի մէջ ծրարած պահած էի: 21Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խստապահանջ ես. կ’առնես ինչ որ պահեստի չես դրած, կը հնձես ինչ որ չեմ սերմանած’: 22Տէրը ըսաւ. ‘Քու խօսքերուդ համաձայն պիտի դատեմ քեզ, չար ծառայ: Գիտէիր որ խստապանջ եմ եւ կ’առնեմ ինչ որ պահեստի չեմ դրած, կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած: 23Ինչո՞ւ ուրեմն դրամս չտուիր լումայափոխին, որպէս զի վերադարձիս ես զայն պահանջէի տոկոսով միասին’: 24Յետոյ սպասաւորներուն ըսաւ. ‘Առէ՛ք անկէ մնասը եւ տուէք անոր որ տասը մնաս ունի’ 25Անոնք պատասխանեցին. ‘Տէ՛ր, արդէն տասը մնաս ունի’: 26Տէրը պատասխանեց. ‘Կ’ըսեմ ձեզի, ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն՝ ունեցածն ալ պիտի առնուի: 27Իսկ այն թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ ես թագաւորեմ իրենց վրայ, բերէ՛ք այստեղ եւ առջեւս սպաննեցէ՛ք’’: 28Այս խօսքերէն ետք, Յիսուս առաջ անցաւ՝ Երուսաղեմ ելլելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.