2009-12-26 13:38:48

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Շաբաթ, դեկտեմբեր 26, տօն ս. Ստեփանոս նախավկային եւ պաշտպան սուրբը սարկաւագներու, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Մեր սիրտերն ու հոգիները տակաւին ողողուած են Յիսուսի Ծննդեան ուրախութեամբ, ուր հովիւները ս. Կոյս մարիամի ու Յովսէփայ հետ երկիրպագութիւն ըրին մեր Փրկչին, այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Ստեփանոս նախավկան։ Ան եղաւ քրիստոնէութեան առաջին նահատակը։ Անոր օրինակը օգնէ մեզի ներթափանցելու Ս. Ծննդեան խորհուրդը։

Ս. Ստեփանոս Ս. Հիգիով լեցուած, չտատամցեցաւ իր կեանքը տալու Տիրոջ սիրոյն համար։ Ան իր Վարդապետին նման, մահացաւ ներելով իր հալածիչներուն։ Ան Յիսուսի նման ցոյց կու տայ մեզի թէ Քրիստոսի գալուստը նոր դարաշրջան մը բացաւ, սիրոյ քաղաքակրթութեան դարաշրջան մը։

Ստեփանոս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, եղաւ Եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագը։ Դարձաւ սպասաւորը աղքատներուն Քրիստոսւի սիրոյն համար։ Անոր վկայութիւնը քրիստոնեայ այլ նահատակներու նման մեզի ցոյց կու տայ թէ մեր վստահութիւնը պէտք է դնենք Տիրոջ վրայ, իմաստ մը տալու մեր կեանքին։

Արդարեւ, յառեց Սրբազան Հայրը, ան որ կը մեռնի այն գիտակցութեամբ, թէ ինք Աստուծմէ սիրուած է եւ իր կեանքը կու տայ իր եղաբայրներուն ցոյց կու տայ խաղաղութեան ու յոյսի ճանապարհը։

Ներկայացնելով ս. Ստեփանոսը որպէս օրինակ, Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ սիրել եւ օգնութեան հասնիլ կարօտեալներուն, ապահով ուղի մը ապրելու Աւետարանը եւ վկայութիւն տալու Աստուծոյ Արքայութեան։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ս. Ստեփանոսի տօնը կը յիշեցնէ մեզի այն անհամար հաւատացեալները , որ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, կը կրեն հալածանք ու տառապանք իրենց քրիստոնեական հաւատքին համար։ Զանոնք յանձնել ս. Ստեփանոսի բարեխօսութեան, որպէս զի հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ։ Այս դիտաւորութեան համար հայցենք օգնութիւնը Տիարամօր, Մայրը Փրկչին ու Թագուհի մարտիրոսաց։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան բարբառբներով ողջունեց ներկաները ըսելով. Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը, որ իր ծոցին մէջ ընդունեց Աստուծոյ պայծառ լոյսը. մեզի համար ըլլայ աղբիւր խաղաղութեան, ուրախութեան ու սիրոյ։

այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.