Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Հռիփսիմեանց վարժարանի տօնահանդէսը։
Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Հռիփսիմեանց վարժարանի տօնահանդէսը։ Անարատ
յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Հռիփսիմեանց վարժարանի նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի
աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ նշեցին Ս Ծնունդը։ Ս Ծննդեան օրհներգներու կշռոյթով
եւ ներկաներու ինքնաբուխ ծափահարութիւններուն ներքեւ սրահէն գալով՝ բեմ բարձրացան նախակրթարանի
առաջին կարգերու աշակերտ-աշակերտուհիները՝ իրենց տօնական գեղեցիկ համազգեստներով եւ իրենց
ձեռքերուն բռնած կարմիր մոմերով ու գունագեղ զարդարանքներով շրջանակելով լուսարձակ աստղերով
պլպլացող բեմը։ Այնուհետեւ եւ առանց ակնթարթ մը իսկ դադարի, աշակերտները ամէնէն փոքրերն
ու մեծերը ներկաներուն մատուցեցին Հայ քոյրերուն յատուկ բծախնդրութեամբ պատրաստուած տօնական
յայտագիր մը, համեմուած՝ հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ մինչեւ իսկ լատիներէն
արտասանութիւններով, շարականներով, օրհներգներով եւ ժողովրդական երգերով, դաշնակի, հայկական
եւ դասական սրինգի, ջութակի կատարումներով, եւ մանաւանդ՝ իրենց գոյնզգոյն հագուստներուն
մէջ իսկ հրեշտականման փոքրերուն պարերով։ Թէ՛ արտասանութիւնները, թէ՛ երգերը, թէ՛
նուագները եւ թէ՛ պարերը, իրենց մերթ մեղմանուշ եւ մերթ ոգեւորող կշռոյթներով, Բեթղեհեմի
Նորածինին նուիրուած եւ Քրիստոսի Ծնունդը փառաբանող աղօթքներ էին։ Աղօթքներ, որոնք կը
բխէին անմեղունակ հայ մանուկներու սրտերէն։ Կատարումներուն խլած ծափահարութիւնները պարզապէս
մղում կու տային աղօթքներու բարձրացումին երկինք։ Խանդավառութեամբ արտայայտուող ջերմեռանդութեան
եզակի դրսեւորում մըն էր յայտագիրը։ Փրկիչը փառաբանող գեղարուեստական արարողութիւն մը։ Տարուան
բոլոր տօնակատարումները գերազանցող այս տօնահանդէսին ստեղծած խանդավառութիւնը գագաթնակէտին
հասած էր, երբ վարժարանի անխոնջ տնօրէնուհին՝ քոյր Արմինէ Մակարոսեան բարձրացաւ բեմ,
յայտնապէս՝ բարձր եւ գոհունակ տրամադրութեամբ։ Ան իր շնորհաւորութիւններն ու շնորհակալութիւնները
փոխանցեց յատկապէս նախակրթարանի, մանկապարտէզի պատասխանատուներուն եւ ուսուցչուհիներուն,
երգի ուսուցչին, պարուսոյցին, որոնց ճգնաջան աշխատանքին արդիւնքն էր ներկաներուն՝ պարգեւուած
հոգեկան վայելքի այս պահը։ Ապա տնօրէնուհի քոյրը իր բարեմաղթաքները փոխանցեց ներկաներուն՝
ցանկալով, որ Յիսուս Մանուկին հովանաւորութիւնը վայելող մանուկներուն պարգեւած ուրախութիւնը
անպակաս ըլլայ իւրաքանչիւրի սրտէն եւ քրիստոնեայ հայ ընտանիքներու օճախներէն ներս։ Թող
մեր մանուկները իրենց աղօթքներով օրհնաբեր ներկայութիւն մը ըլլան մեր ընտանիքներէն ներս,
ըսաւ ան եւ հրաւիրեց հայր Անդրանիկ Ծ Վ Կռանեանը՝ իր օրհնութեամբ փակելու Ս Ծննդեան տօնահանդէսը։ Վաստակաշատ
հոգեւոր հայրը յայտնեց այն համոզումը, որ տօնահանդէսը բոլորին մօտ ցանկութիւն ստեղծեց
վերապրելու իրենց մանկութիւնը։ Ան ըսաւ, որ մեր մանկութիւնը վերապրելու համար պէտք է
բանանք մեր սրտերը Յիսուսին առջեւ, մեր սրտերը դարձնենք մսուրներ։