2009-12-25 13:04:19

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ծննդեան պատգամը եւ օրհնութիւնը Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ծննդեան պատգամը եւ օրհնութիւնը Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։



Ուրբաթ, դեկտեմբեր 25, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսւի Ծննդեան տօնին առթիւ Պենետիկտոս ԲԶ Քահանայապետը կէսօրին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին իր ծննդեան պատգամը ուղղեց քրիստոնեայ եւ բարի կամք ունեցող մարդոց։

''Հռոմի ու համայն աշխարհի սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ձեզի ամէնուդ, այրեր ու կիներ, Տիրոջ սիրելիներ, այսօր մեր վրան Լոյսը ծագեցաւ, որովհետեւ Տէրը ծնաւ։ Բեթղեհէմէն ծագող լոյսը մեր վրան փայլեցաւ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա Նորին Սրբութիւնը երկրագունդի բոլոր քրիստոնեաներուն իրավիճակը ներկայացուց սկսելով Ս. Երկրէն շարունակելով Միջին Արեւելքը, Ասիան, Ափրիկէ, Եւրոպան եւ Ամերիկա։ Եւ հուսկ հրաւիրեց ամէնքը հաղորդուելու Ամենասուրբ երրորդութեան կեանքէն։ Արդարեւ Ս. Երրորդութեան սրտէն աշխարհ իջաւ Էմմանուէլը` Յիսուս, Աստուած մեր մէջ։ Բեթղեհէմի Հովիւներու նման երախտապարտ հիացումով դիտենք Սիրոյ ու Լոյսի այս խորհուրդը։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ Ս. Ծնունդը

''Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ ձեզի մեզի նոր աւետիս''

Նախապէս իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեց բոլոր այնքրիստոնեաները որոնք դժուար պայմաններու մէջ կ'ապրին իրենց հաւատքը։ Եկեղեցին կ'ապրի հոն ուր Յիսուս ծնաւ, Ս. Երկրին մէջ, հրաւիրելու իր բնակիչները հրաժարելու բռնութենէն ու ոխակալութենէն ու վերանորոգ յանձնառումով ու վեհանձնութեամբ յառաջանան համակեցութեան ու խաղաղութեան ճանապարհին վրայ։

Նոյնպէս Եկեղեցին ներկայ է Միջին Արեւելք, ինչպէս չմտաբերել Իրաքի քրիստոնեաները, որ հակառակ իրենց կրած հալածանքին կ'աշխատին երկրին վերակերտումին համար։

Սրիլանքայի, Գուրիայի դերակղզիի եւ Փիլիփփեաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Ասիայի այլ երկիրներու մէջ Եկեղեցին հաշտութեան ու խաղաղութեան ճշմարիտ խմոր է։

Ափրիկէի մէջ Եկեղեցին միշտատեւ իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած, հայցելու տառապանքներու վերջը մասնաւորապէս հանրավար Գոնկոյի, Քինւէի, Նիկերի եւ Մատակասկարի ժողովուրդներուն, որպէսզի յարգուի ամէն անհատի իրաւունքը։

Եւրոպայի եւ հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Եկեղեցին կ'աղօթէ որպէսզի մարդիկը ձերփազատուին իրենց եսասիրութենէն ու թեխնիքական մտայնութենէն, ու յարգուի ամէն անհատը եւ մասնաւորապէս տկարը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով, Եկեղեցին հաւատարիմ իր Հիմնադիրի հրահանքին։ Զօրակից է բոլոր անոնց որոնք զոհ են բնական աղետներու, զոհ են աղքատութեան, նոյնիսկ հարուստ երկիրներու մէջ, զօրակից է փախստականներու եւ գաղթականներու, որոնք յաճախ զոհ են խտարակնութեան ու ցեղապաշտութեան։

Եկեղեցին ներկայութիւն մըն է կանչուած հիւրընկալութեան։

Մէկ խօսքով` Եկեղեցին ամէն տեղ կ'աւետէ Քրիստոսի Աւետարանը, հակառակ հարստահարումներու, խտրականութեան ու ի գին նահատակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.