2009-12-24 13:02:05

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գործունէութիւնը Հինգշաբթի դեկտեմբեր 24, ճրագալոյց Յիսուսի Ս. Ծննդեան


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գործունէութիւնը

Հինգշաբթի դեկտեմբեր 24, ճրագալոյց Յիսուսի Ս. Ծննդեան։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ճրագալոյցի ծիսակատարութիւնը կը գլխաւորէ ս. Պետրոս տաճարին մէջ գիշերուայ ժամը 10-ին։ Նախապէս կէսօրին, պաշտօնական բացումը կը կատարուի ս. Պետրոսի հրապարակը կառուցուած մսուրին։ Իսկ ուրբաթ դեկտեմբեր 25ին Նորին Սրբութիւնը պատարագ կը մատուցէ եւ ապա ծննդեան պատգամը կ'արտասանէ եւ աւելի քան 40 բարբառներով Յիսուսի Ս. Ծնունդը շնորհաւորելէ ետք իր առաքելական օրհնութիւնը կու տայ Հռոմի ու երկրագունդի բնակիչներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.