2009-12-24 13:02:49

Անին՝ Որպէս Համագործակցութեան Տեղամաս Նախագիծը Կեանքի Կը Կոչուի 2010ին


Անին՝ Որպէս Համագործակցութեան Տեղամաս Նախագիծը Կեանքի Կը Կոչուի 2010ին

Անին՝ որպէս համագործակցութեան տեղամաս խորագրով նախագիծը կը նախատեսուի կեանքի կոչել 2010ին՝ Պատմական արդարադատութեան եւ հաշտեցման հիմնարկի (IHJR, ԼաՀէյ) հովանիին տակ՝ ԻԿՕՄՕՍ/Հայաստան եւ Անատոլու Կուլտուր հասարակական կազմակերպութիւններուն գործընկերութեամբ։ Ըստ ԻԿՕՄՕՍ/Հայաստանի նախագահ Գագիկ Գիւրջեանի, նախագիծին իրականացման հիմնական նպատակը ժառանգութեան՝ իբրեւ համընդհանուր արժէքի նկատմամբ գիտակցութեան ձեւաւորումն է, մասնագէտներուն միջեւ փորձի փոխանակման անհրաժեշտութեան գիտակցումը, ժառանգութեան նման օրինակներու նկատմամբ տարածաշրջանին մէջ նոր հայեացքի ձեւաւորումը, Անիի յուշարձաններուն անաչառ հանրահռչակման միջոցով մշակութային զբօսաշրջիկութեան խթանումը։
Ըստ Գ. Գիւրջեանի դիտարկումին, համագործակցութիւնը թոյլ պիտի տայ կողմերու մասնագէտներուն՝ մերձենալ գիտական եւ մեթոդական այն հարցերուն շուրջ, զորս կ՛առաջադրեն կիսուած ժառանգութիւններ հանդիսացող պատմական վայրերը։ Նաեւ կ՛ակնկալուի, որ այս նախագծին իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն կողմէ Անին իբրեւ անդրսահմանային ժառանգութեան օրինակ պիտի ներկայացուի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ անցնելու համար։
Նախագիծին կատարման համընթաց հայ եւ թուրք շարժապատկեր արտադրողներուն կողմէ կը նախատեսուի միասնաբար ստեղծել Անիի մասին վաւերագրական շարժանկար, որ պիտի ներկայացնէ անցեալի հոգեւոր ուղերձը կրող հնավայրը եւ զայն սերունդներուն համար ապրեցնելու մերօրեայ ջանքերը՝ ներառեալ նախագիծին արդիւնքները։

Երկամեայ նախագիծին նպատակն է ստեղծել Անիի թուայնացուած ամբողջական արխիւի ստեղծումը եւ Անիի վերաբերեալ ցուցահանդէսի կազմակերպումը՝ ըստ հայկական, թրքական եւ այլ պատմական աղբիւրներուն, ինչպէս նաեւ նախագիծի ծիրին մէջ իրականացած ուսումնասիրութիւններու, հնագիտական հետազօտութիւններու եւ վերականգնողական աշխատանքներու արդիւնքներուն։ Նախագիծը աշխատանք կը տանի Անին առաջին հերթին ներկայացնելու իբրեւ մշակութային կամուրջ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մշակութային համագործակցութիւն ու փոխըմբռնում ձեւաւորելու ճանապարհին։







All the contents on this site are copyrighted ©.