2009-12-23 12:37:22

Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2009 - Քահանայական ձեռնադրութիւն

Պէյրութ, Լիբանան


Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2009 - Քահանայական ձեռնադրութիւն

Պէյրութ, Լիբանան



Շաբաթ, 19 դեկտեմբեր 2009-ին, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հայրապետական սուրբ Պատարագ, հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, եւ նախագահութեամբ Օգնական Եպիսկոպոս Պատրիարքական թեմին՝ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի,

որ քահանայական կարգը պարգեւեց Րաֆֆի սարկ. Հովհաննէսեանի։

Այս առիթով Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան հայերէնով եւ արաբերէնով իր խօսքը ուղղելով Րաֆֆի սրկ. Յովհաննէսեանին յայտնեց, որ վերջինս քահանայութեամբ յանձն առաւ սուրբ Հոգիի անունով ըլլալ եկեղեցւոյ հովիւ՝ շնորհով, խօսքով եւ գործով՝ աւելցնելով, որ քահանայական առաքելութիւնը ծառայութիւն է։ «Ասկէ ետք պիտի ապրիս, պիտի մտածես, պիտի գործես եւ պիտի քարոզես Քրիստոսի անունով», հաստատեց Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան։

Պատարագի աւարտին նորօծ քահանան շնորհաւորութիւն ընդունեց եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Յայտնենք, որ նորօծ քահանան իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց կիրակի, 20 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։










All the contents on this site are copyrighted ©.