2009-12-23 14:14:42

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ 2010 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ՏԱՐԻ։
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր նստավայրը հրաւիրած է հարիւրէն աւելի գործարարներ։ Ընդունելութեան ընթացքին ան յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի գործարարներու այն խաւը, որուն նպատակն է Հայաստանի մէջ երկարաժամկէտ ու ծանրակշիռ գործառնութիւններ կատարել՝ առանց անմիջական շահերու ակնկալութիւն ունենալու։ Շնորհաւորելով հրաւիրեալները նախագահ Սարգսեան մասնաւորաբար նշած է, որ նախորդ տարին Հայաստանի համար բարդ եւ խնդիրներով լեցուն ժամանակահատուած մըն էր։ Նախագահը յայտնած է, որ կառավարութեան եւ գործարարներու համագործակցութեան շնորհիւ Հայաստան յաջողած է խուսափիլ ընկերային ահաւոր ցնցումներէն եւ ընկերային համեստ պայմաններու մէջ ապրող խաւին կրելիք մեծ հետեւանքներէ։ Նախագահ Սարգսեան նաեւ խօսած է ապագայի մասին,յոյս յայտնելով, որ շարունակուին տնտեսական միասնականութեան, կառավարութեան հետ համագործակցելու սկզբունքները, իսկ դրամատնային համակարգը յաջողի՝ աշխուժութեան շարժիչ ուժ դառնալ փոքր ու միջին առեւտուրներու համար։ ՝՝Թէ՛ կառավարութիւն, թէ՛ նախագահին աշխատակազմը բոլոր միջոցներուն պիտի դիմեն, որպէսզի 2010 թուականը իրապէս վերականգնման տարի դառնայ՝՝ (խոստացած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան)։
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿՈՂՄԷ ՆԱՄԱԿ՝ ԵԱՀԿ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ։
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նամակ մը յղած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Կեորկիոս Պապանտրեուին՝ Ղարաբաղ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ սպաննուած 50-ամեայ ազրպէյճանցի կնոջ հարցին մասին։ Նամակին մէջ կը նշուի, որ դեկտեմբեր 20-ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու միացման գիծին վրայ՝ Աղտամի ուղղութեամբ, ազրպէյճանական դիրքերէն արձակուած կրակին զոհ ացած է դէպի Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերը ուղղուող կին մը։ Այս առաջին պարագան չէ, որ սահմանամերձ գօտիին վրայ բռնի կերպով բնակող եւ ռազմական նպատակներով շահագործուող բնակիչները, անտանելի պայմաններուն չդիմանալով, ղարաբաղեան կողմը կ՝անցնին,- (կըսուի նամակին մէջ)։ Նախարարութիւնը ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն փաստին, որ միջադէպը տեղի ունեցած է ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութեան խախտման իբրեւ հետեւանք։ Պաշտպանութեան բանակի զինուորները իրենց կարելին կատարած են կինը փրկելու համար։ Սոյն Նամակին պատճէնները ուղարկուած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ՝ Եուրի Մերզլեաքովին, Ռոպերթ Պրատկէին եւ Պեռնար Ֆասիէին։
ՏԵՆԻՍ ՀԱՍԹԸՐԹ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐՈՒԻ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀԱՐԿԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԴՐԱՄՆԵՐԸ ԹՐՔԱՄԷՏ ԼՈՊԻԻՆ ՎՐԱՅ ՎԱՏՆԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ։ ՝՝Փոլիթիքօ՝՝ քաղաքական լրագրութեան կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան նախկին նախագահ Տենիս Հասթըրթ ներկայիս կը ծառայէ իբրեւ Թուրքիոյ կառավարութեան գործակալ, իրականացնելով լոպիի գործունէութիւն՝ ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի որդեգրման։ Կազմակերպութիւնը կ՝ընդգծէ, որ Տենիս Հասթըրթ ամէն ամիս կը վատնէ ամերիկացի հարկատուներու շուրջ քառասուն հազար տոլարը՝ գրասենեակի համար անհրաժեշտ պարագաներու, անձնակազմի, բջիջային հեռաձայններու եւ մեքենայի վրայ։ Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 2005-ին մեղադրանքներ հնչած էին, թէ թուրք պաշտօնատարները Հասթըրթին տասնեակ հազարաւոր տոլարներ վճարած էին որոշ ծառայութիւններու եւ տեղեկատուութեան փոխարէն։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԻՃԱԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ։
՝՝Քաւքազսքիի Ուզել՝՝ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութեան մասին որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն մէջ խիստ քննադատական գնահատական կը տրուի երկրին մէջ խօսքի ազատութեան վիճակին։ Բանաձեւը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի մէջ լրատու-միջոցներու աշխատանքին համար մթնոլորտը վերջին տարիներուն վատթարացած է, ժամանակաւորապէս փակուած են անկախ պատկերասփիւռի ընկերութիւնները, գրասենեակներէն հեռացուցած են յառաջատար թերթերու խմբագրութիւնները, բազմաթիւ դատական դիմումներ ներկայացուած են զանգուածային լրատու-միջոցներուն դէմ, ինչպէս նաեւ յարձակումներ կատարուած են լրագրողներուն դէմ։
Բացի ատկէ 2008-ի դեկտեմբերին արգիլուած էր ՝՝Պի.Պի.Սի՝՝, ՝՝Ազատութիւն՝՝ եւ ՝՝Ամերիկայի Ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայաններուն հեռարձակումը։ Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ քաղաքական դրդապատճառներով պլոկըրներ Էմին Միլիի եւ Ատնան Հաճիզատէի ձերբակալութեան եւ անարդար դատական որոշման հիման վրայ կալանաւորման մասին։ Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՝ուղղէ անյապաղ ազատ արձակելու ձերբակալուած բոլոր լրագրողներն ու պլոկըրները։







All the contents on this site are copyrighted ©.