2009-12-22 14:04:54

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։
Սերժ Սարգսյան կ՝ըսէ ՝՝Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ԼՂ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրն է եւ բացարձակապէս կրօնական երանգ չունի ։
Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրն է եւ բացարձակապես կրօնական երանգ չունի: Այդ մասին յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը,դեկտեմբեր 21-ին ընդունելով Հայաստանի մօտ Ալբանիայի նորանշանակ դեսպանը Վիլի Մինարոլլիի (նստավայրը` Աթենք) հաւատարմագրերը: Կողմերը համակարծիք են որ երկու երկիրները չունին յարաբերութիւններու զարգացումը խոչընդոտող որեւէ խնդիր, ընդհակառակը՝ ունին բաւականաչափ ընդհանրութիւններ եւ նոյնանման ձգտումներ, որոնք կարող են նպաստել անոնց մերձեցման: Նախագահ Սարգսեան ու դեսպան Մինարոլլին մտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ: Ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչութեամբ Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց որ ՝՝անիկա Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրն է, եւ բացարձակապես կրօնական երանգ չունի՝՝: Դեսպան Մինարոլլի ըսաւ որ ՝՝Ալբանիայ մշտապես կը պաշտպանէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը՝՝:
Թուրք լրագրողները յարգած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։ Անցեալ շաբաթ Երեւան այցելած թուրք լրագրողները երթալով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Յուշահամալիրը ծաղիկներ դրին յաւերժական կրակին մօտ։ Այնուհետեւ, Ցեղասպանութեան Թանգարանին մէջ անոնք ծանօթացած են թանգարանի ստեղծման պատմութեան, նպատակներուն եւ ծրագրերուն։ Ըստ Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոեանին՝ լրագրողները հետաքրքրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն առնչուող հարցերով, ու հայ-թրքական ստեղծուելիք պատմական ենթայանձնաժողովին մէջ հայկական կողմին մասնակցութեամբ։ Դեմոյեանին հաւաստումով՝ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները՝ թուրք քրէական օրէնքի 301-րդ յօդուածի սպառնալիքին պատճառով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ չեն կրնար ազատօրէն արտայայտել իրենց դիրքորոշումը։

Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան հայ-հնդկական կեդրոն պիտի բացուի։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանը ընդունեց Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աչալ Քումար Մալհոթրային։ Բարձ գնահատելով Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները՝ Արթուր Բաղդասարեանը յոյս յայտնած է, որ դեսպանի պաշտօնավարման տարիներուն երկու երկիրներու յարաբերութիւնները աւելի պիտի զարգանան։ Երկուստեք կարեւորուած է Հայաստանի եւ Հնդկաստանի անվտանգութեան խորհուրդներու միջեւ համագործակցութեան սկզբնաւորման եւ հետագայ խորացման հարցը։
Դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու երկկողմանի կապերու խորացման՝ փոխադարձ կարեւորութիւն ունեցող տարբեր մարզերու մէջ։ Ան տեղեկացուցած է, որ 2010ին Հնդկաստանը լուրջ մտադրութիւն ունի Հայաստանի մէջ շարք մը ծրագրեր նախաձեռնելու։ Անոնց կարգին կարեւոր ծրագիր մը կայ, ըստ որու Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի բանալ տեղեկատուական արհեստագիտութեան հայ-հնդկական կեդրոն մը։

Հայկական Կալուած Մը Կը Վերադարձուի Թուրքիոյ Հայութեան։
«Մարմարա».- Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոմիութեան անդամակցութեան բարեփոխումներու շրջագծով Թուրքիոյ հայ համայնքին հաստատութիւններու վարիչները եկեղեցապատկան կամ համայնքապատկան բազմաթիւ կալուածներու թափուները (կալուածա-թուղթերը-Խմբ.) ետ ստանալու նպատակով դատեր բացած էին: Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19ին ուրախալի լուր մը եկաւ Պոլսոյ Գուզկունճուք թաղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն։ Արդարեւ, եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան հաղորդեց, թէ Թաղային խորհուրդը երկու տարուայ տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ յաջողած է ետ ստանալ եկեղեցապատկան հասութաբեր կալուածի մը թափուն։ Թաղային խորհուրդը նախապէս արդէն յայտնած էր, թէ կը յուսային Դեկտեմբեր ամսուայ մէջ դրական պատասխան մը ստանալ պատկան իշխանութիւններէն: Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն եկեղեցապատկան այդ կալուածի թափուն յանձնուեցաւ Թաղային խորհուրդին։ Շէնքը, որուն ներքեւ կը գտնուէին վեց խանութներ, իսկ վերը եկեղեցական բնակատեղի ու հաւաքասրահ, այլեւս պաշտօնապէս կը պատկանի Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին։







All the contents on this site are copyrighted ©.