2009-12-20 12:38:44

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, դեկտեմբեր 20, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ձեզ ամէնքդ ուրախութեամբ կ'ողջունեմ։ Այս Կիրակին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Հետեւելով Ս. Կոյս մարիամի օրինակին գիտնանք ժամանակ առնել եւ լռութիւն պահել Աստուծոյ ձայնը լսելու։ Սորվինք վստահիլ Քրիստոսի որ կու գայ, ու պատրաստ ըլլանք յոժարութեամբ իր կամքը կատարել եւ միաժամանակ դառնանք բանբերները Աւետարանին, անոր գալուստին մեր մէջ` աշխարհի վրայ։

Թող Տէրը իր օրհնութեամբ լիացնէ բոլոր ազգերը երջանկութեամբ ու խաղաղութեամբ։

Մարեմեան խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. այսօր ինչպէս Յիսուսի ժամանակ, Ծնունդը` արասպել մը չէ, որ կը պատմուի մանուկներու, Ծնունդը Աստուծոյ պատասխանն է մարդկութեան ողբերգութենէն դուրս գալու համար։ Յիսուս մեր խաղաղութիւնն է։ Մեզի կ'իյնայ մեր սրտի դուռը բանալ զինք հիւրընկալելու համար։ Սորվինք ս. կոյս Մարիամէն եւ ս. Յովսէփէն։ հաւատքով ու խոնարհութեամբ ընդունինք Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրը, նոյնիսկ երբ ամբողջովին ի վիճակի չենք հասկնալ։ Վստահինք անոր իմաստութեան ու բարութեան։ Փնտռենք նախ եւ առաջ Աստուծոյ Արքայութիւնը, եւ Նախախնամութիւնը մեզի պիտի օգնէ։ Բոլորին կ'ըսեմ. Շնորհաւոր ս. Ծնէունդ։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ ձեզի մեզի բարի աւետիս։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հռչակեց հերոսական առաքինութիւնները ՅՊԲ եւ Պիոս 12 քահանայապետներու։



Նորին Սրբութիւնը շաբաթ օրը ընդունելով գերապայծառ Ամաթօ կառավարիչը սուրբերու դատի անոր հրահանգեց հրատարակումը վաւերագրերու հայող 5 երանելիներու սրբադասումի եւ նոր 5 երանելիներու հռչակումին։ Այս վերջիներուն մէջ կան Պիոս 12րդ եւ ՅՊԲ Քահանայապետները։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը ճանչցաւ հերոսական առաքինութիւնը լեհ հայր Պոպիելուշքոյի, որ 1984ին զոհ գնաց համայանավարութեան ամենասեւօրերու հարստահարումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.