2009-12-20 12:39:10

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 20 դեկտեմբեր, Զ. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 18րդ գլուխ, 9-14 համարները։


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 20 դեկտեմբեր, Զ. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 18րդ գլուխ, 9-14 համարները։



Ընթերցուած Սուրբ Ղուկաս Աւետարանէն



9Առակ մըն ալ պատմեց այն մարդոց համար, որոնք իրենք զիրենք արդար համարելով՝ կ’արհամարեն ուրիշները: 10’’Երկու մարդիկ, ըսաւ Յիսուս, Տաճար ելան աղօթելու. մէկը Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր: 11Փարիսեցին ոտքի կանգնած մեկուսի այսպէս կ’աղօթէր. ‘Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզի որ ուրիշներու պէս չեմ, որոնք գող են, չարագործ կամ շնացող եւ ոչ ալ այս մաքսաւորին նման: 12Շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ, բոլոր եկամուտներէս տասանորդ կը վճարեմ’: 13Մաքսաւորը մեկուսի կեցած, նոյնիսկ աչքերը դէպի վեր չէր բարձրացներ, այլ կուրծքը բախելով՝ կ’ըսէր. ‘Աստուած իմ, ներէ՛ ինծի, մեղաւոր եմ’: 14Կ’ըսեմ ձեզի, ասիկա տուն իջաւ աւելի արդարացած քան միւսը: Որովհետեեւ ով որ ինքզինք բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ’’:








All the contents on this site are copyrighted ©.