2009-12-20 12:38:57

Լուրեր հայկական Լուրեր Սելանիկէն բարեւ բերինք


Լուրեր հայկական Լուրեր Սելանիկէն բարեւ բերինք

Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեանի կողմէ կազմակերպուած պտոյտով Սելանիկ հասնող խումբին մասնակցող ճամբորդներէն մին էի։ 26 Նոյեմբեր Հինգշաբթի ճամբայ ելանք հանրաշարժով եւ Երկուշաբթի վերադարձանք։
Չէի գիտեր թէ հոն կար հայկական մշակութային կեդրոն եւ եկեղեցի, ինչպէս նաեւ շաբաթօրեայ դպրոց։ Ուրբաթ գիշեր, երբ մեր հանրաշարժը կը յառաջանար Չիմիշքի փողոցէն դէպի ծովափ, յանկարծ շէնքերէն մէկուն վրայ աչքիս զարկաւ հայկական տառերով ցուցատախտակ մը, որուն վրայ գրուած էր Հայ Համայնքի Կեդրոն, հայերէն, յունարէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Յաջորդ առաւօտ Գարեգինի առաջնորդութեամբ խմբովին այցելեցինք այդ շէնքը։
Ծանօթացանք նաեւ հայր Մասիս վարդապետ Զօպուեանին հետ։ Նկատեցինք նաեւ շէնքին կից Ս Աստուածածին եկեղեցին։ Մշակոյթի յարկաբաժնի վրայ կար շաբաթօրեայ վարժարանը։ Խօսեցանք վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Կիւլա Գասապեանին հետ, որ համառօտ բացատրութիւններ տուաւ գաղութին մասին։ Ան պատմեց հետեւեալը Ուրախառիթ երեւոյթ է ձեզ ընդունիլ հոս, մեր միջեւ։ Գաղութը կը բաղկանայ յունահայերէ եւ վերջերս գաղթած հայաստանցիներէ։ Բոլոր միութիւնները այս յարկին շուրջ հաւաքուած են։ Կան ժողովասրահներ, շաբաթօրեայ դպրոց, հայկական մթնոլորտ, լեզու, աւանդութիւն, երգեր Կը ջանանք լաւագոյնը մատուցանել Հայաստանէն ժամանած հայ ընտանիքներուն՝ շնորհիւ ուսուցչական կազմին։ Այս սրահին բացումը նոր կատարուեցաւ կիրակնօրեայ հանդիպումներու համար։ Սուրճ, թէյ, զրոյց եւ ամէն Կիրակի սուրբ եւ անմահ պատարագ։ Ընդհանրապէս Հայաստանէ գաղթած ընտանիքներու զաւակները կը յաճախեն շաբաթօրեայ դասընթացքներուն։ Ուսուսցչաց կազմն ալ Հայաստանէն է եւ արեւելահայերէն կաւանդէ։ Աշակերտութեան թիւը 140-150ի միջեւ կը տարուբերի։ Եկեղեցին հիմնուած է 1903ին։ Սելանիկի եւ շրջակայքի հայ համայնքին թիւը 15-20000ի չափ է։ Մեր առաջնորդն է Խորէն սրբազան եպիսկոպոս Տողրամաճեանը։
Յաջորդ օր Կիրակի էր։ Առաւօտեան, նախաճաշէն ետք փութացինք դարձեալ Ս Աստուածածին եկեղեցի։ Պատարագը մատուցուեցաւ հայր Մասիս վրդ Զօպուեանի կողմէ։ Մեր միջեւ կային զանազան երգչախումբերու անդամներ, որոնք եկեղեցական շապիկներ հագած, իրենց երգեցողութեամբ ընկերացան եկեղեցւոյ դպրաց դասուն։ Զաւէն Ակայը, Սեդա Սահակեանը, Շուշան Գալաթաշը, Օննիկ եւ Անի Չափանները։ Գարեգին Պարսամեան իբրեւ ուրարակիր դպիր՝ խորանին վրայ էր։
Եկեղեցին շէնցաւ հայ գաղութի տարբեր հատւածներու ներկայութեամբ։ Կային յունահայերը, պոլսահայերը, հայաստանցի հայերը։ Բուրվառէն դէպի խորան բարձրացող խունկի ծուէնները կայլակ առ կայլակ կը պատէին եկեղեցւոյ սրահը՝ իբրեւ թափանցիկ պատեան, ընդգրկելով բոլոր համայնքը եւ հաւատքի ու միասնութեան յոյսի մաղթանքները կը խոստովանէին տիրոջ առջեւ։
Շարականները եռանդուն, աղօթքները խորամոյն, վարդապետին քարոզը սրտապնդիչ էր, որովհետեւ եկեղեցին լեցուն էր։ Աշխարհի որ ծագն ալ ըլլայ, եկեղեցին կամբողջանայ, աւելի իմաստալից, կենսուրախ եւ շնորհազարդ կը դառնայ, երբ բարեպաշտ ժողովուրդը լիասիրտ պաշտանմունքի մարմաջով կը լեցնէ անոր նստարանները։ Ուրեմն այդպէս էր միջավայրը, խորանին վերեւ, Աստուծոյ շունչը խօսքի վերածուեր էր ու կըսէ Նոր պատուիրան մը կուտամ ձեզի, սիրեցէք զիրար Յովհ 1334։ Իսկ երիտասարդ վարդապետ հայր Զօպուեանին խօսքերը, սիրով կամուրջ եղան, հասան Սէլանիկէն մինչեւ Պոլիս։
Այսօր ուրախ եմ որ մեր Ս եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուի խումբ մը, որ եկած է Պոլիսէն եւ Պոլիսը մեր բոլորին սրտին խօսող քաղաք մըն է։ Պոլիսը քաղաք մըն է, որ պահպանած է մեր հայկական հաւատքի սրբութիւնները եւ աւանդութիւնները։ Այսօր խորհրդանշական իմաստով Սելանիկի մեր ժողովուրդի զաւակները եւ Պոլսոյ մեր ժողովուրդի զաւակները անգամ մը եւս կը հաւաստեն որ ո՛չ տառապանքը, ո՛չ հալածանքը կրնան հեռացնել եւ բաժնել հայ ժողովուրդը, հայ համայնքը մէկը միւսէն։
Մենք անցեալ Կիրակի տօնեցինք մեր եկեղեցիին 106-ամեակը։ Այսօր այս եկեղեցւոյ մէջ կը միանան Պոլսոյ եւ Սելանիկի երկու համայնքները որ ունին նոյն նկարագրի գիծերն ու նոյն հաւատարմութիւնը իրենց եկեղեցւոյ նկատմամբ։
Ձեզի բարի գալուստ կը մաղթենք եւ բարի վերադարձ։ Աստուած ձեզի հետ թող ըլլայ։ Երբ վերադառնաք ձեր հարազատներուն մօտ, մեր ողջոյնները տարէք մեր հարազատներուն, ձեր հարազատներուն։ Ուրեմն մեզի կը մնայ մեր սիրելի ընթորցողներուն ու համայն գաղութին փոխանցել այդ բարեւներն ու բարեմաղթանքները՝ Սելանիկի մեր ազգակիցներէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.