2009-12-19 12:34:32

ԿՈՍՏԱՆԴՈՒՊՈԼՍՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ Ա.ի ՏՈՒԱԾ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՝՝ՍԻ ՊԻ ԷՍ՝՝ ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԻՆ։ ՝՝


ԿՈՍՏԱՆԴՈՒՊՈԼՍՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ Ա.ի ՏՈՒԱԾ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՝՝ՍԻ ՊԻ ԷՍ՝՝ ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԻՆ։ ՝՝Ինզինքս խաչուած կը զգամ՝՝։



Ամերիկեան Սի. Պի. Էս հեռուստակայանի ՝՝60 վայրկեան՝՝ յայտագրին մասնակցող Կոստանդուպոլսոյ Բարթողիմէոս Ա.Պատրիարքը իր եւ թուրքիոյ մէջ ապրող շուրջ 4 հազար յոյներու հարցերու մասին խօսած է։ Սոյն հեռուստակայանի համացանցին վրայ լոյս տեսած լուրի համաձայն Բարթողիմէոս Պատրիարքը ՝՝Թուրքիոյ մէջ երկրոդ դասակարգի քաղաքացիի վերաբերմունք կը տեսնենք ՝՝ եւ ՝՝Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւն ըլլալով ապրիլը յանցանք չէ,բայց մեզի երկրորդ դասակարգի վարուելակերպ կը սահմանուի. Մենք մեր իրաւուքները թուրք քաղաքացիներու նման գիտենք թէ չենք կրնար գործածել՝՝։ Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւներուն սակայն Թուրքիայէն հեռանալը խնդրոյ առարկայ չէ,որովհետեւ Կոստանդուպոլսոյ Եկեղեցին 17 դար առաջ այս հողերուն վրայ հիմնուեցաւ։ Թէեւ Թուրք Կառավարութիւնը Պատրիարքարանի անէացումէն կամ թէ մեկնումէն շատ գոհ պիտի մնար,բայց ասիկա երբէք պիտի չիրականանայ։ Խօսելով աշխարհի ամենահին քրիստոնեայ Մենաստանի Եգիպտոսի Սինա-ի անապատի մէջ գտնուելուն մասին,ըսած է որ հոն կը գտնուի Մուհամմէտ Մարգարէի մէկ նամակը յորում գրուած է որ ՝՝պէտք է հանգիստ թողուլ քրիստոնեաները ու յարգել անոնց հաւատքը՝՝,զայս հեգնական նկատելով Կոստանդուպոլսոյ Պատրիարքը շարունակած է ըսելով ՝՝ Այցելեցի Վարչապետը եւ մէկէ աւելի նախարարներ,անոնց պատմեցի մեր հարցերը,օգնութիւն խնդրեցի,բայց աշխսրհական նկարագրովը հպարտացող Թուրք կառավարութենէն ոչ մի օժանդակութիւն եկաւ.բայց հակառակ այս բոլորին ոտքի մնալու մէջ վճռակամ ենք. հոս (Պոլիսը) շարունակութիւնն է Երուսաղէմի, եւ մեզի համար նոյնքան նուիրական է.եթէ նոյնիսկ երբեմն երբեն կը խաչուինք մենք կը նախընտրենք հոս մնալ (ըսած է Տիեզերական Պատրիարքը)։ Բարթողիմէոս Ա., ՍԻ.ՊԻ. ԷՍ հեռուստակայանի լրագրողի ՝՝դուք ձեզ խաչուած կը զգաք՞՝՝ հարցումին ՝՝Այո՝՝ ըլլալով պատասխանած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.