2009-12-19 12:52:07

Լուրեր Հայկական կեանքէն

Կրթական Սեմինար Պէյրութի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ-Լիբանան


Կրթական Սեմինար Պէյրութի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ-Լիբանան

Պէյրութի Մեսրոպեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է կրթական սեմինար մը որուն մասնակցած են ֆրանսական Իւ Էա Ժի համալսարանի մանկավարժութեան կաճառի արհեստաւարժ խումբ մը

Այս Սեմինարին նպատակն է աւելի այժմէականացնել կրթական մեթոտները վարժարանին մէջ։

Հանդիպումին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը Կրէկուար Գալուստ որմէ ետք Իւ Էս Ժի-ի մանկավարժութեան կաճառի տնօրէնուհի տոքթ. Կարինէ Զոհրապեան որ ըսաւ թէ Մեսրոպեան վարժարանը առաջինն է որ նման առաջարկով կը միտի բարելաւել վարժարանի ուսուցման կերպերը։ Այս հանդիպումը սկիզբն է մեծ իրագործումներու եւ ութը ամիսներու վրայ երկարող լուրջ ուսումնասիրութեան գործընթացքի մը որուն արդիւնքը պիտի ըլլան ձեռք առնուելիք գործնական քայլերը որոնք ունին միակ նպատակ այն է ամէն ինչ ընել հայ աշակերտին լաւապէս ծառայելու համար։



Յունաստան- Աթէնքի մէջ հայ կաթողիկէ եկեղեցասէր Միութեան ճաշկերոյթը։

Այս հանդիպումին նպատակն է միացնել համայքի անդամները սեղանի շուրջ եւ նիւթական օժանդակութիւն եկեղեցւոյ վարժութեան

Ներկաները ողջունեց երեցկինը՝ Տիկ. թալին Զարուքեան /Շէֆիքճեան, որ միաժամանակ վարչութեան հաշուապահն է, ապա Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը Տէր Ռափայէլ Շէֆիքճեան, բարի գալուստ մաղթեց ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր ներկաներուն եւ կազմակերպիչներուն, ապա աղօթքի միութեան հայ աւետարանական համայնքի վերպատուելի Վիգէն Չոլաքեանին հետ օրհնեց սեղանը։ Այս առթիւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը եւ վիճակահանութիւն ու նուիրատուութիւներ եկեղեցւոյ վարչութեան։










All the contents on this site are copyrighted ©.