2009-12-18 11:27:29

Քահանայական տարի – Քահանային գիտութիւնը


Քահանայական տարի – Քահանային գիտութիւնը



Երանելի Հենրիկոս Սուզօնին կ’ըսէր. ‘’’Իմ մարդկութիւնս այն ճանապարհն է, որուն վրայէն պէտք է քալել եւ իմ չարչարանքս այն դուռն է ուսկից պէտք է անցնիլ.

Ժամերգութիւնը որ քահանայի աղօթքի գիրքն է եւ որ օրուան զանազան ժամերուն մէջ իր ձեռքը պիտի ըլլայ, ի՛նչ բանի վրայ կը խօսի, եթէ ոչ Յիսուսի Քրիստոսի ու Սուրբերու վրայ որ անոր հաւատարիմ նմանողներն են:

Բայց ի՞նչ օգուտ. ամէն օր ժամերգութիւն ըսած ժամանակ կը կարդանք հոն Յիսուսի վրայ Եկեղեցւոյ Հայրերու գրած վսեմ էջեր, ամէն օր սուրբերու դիւցազնական գործերու մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս ըմբռներ են Յիսուսի Քրիստոսի վարդապետութիւնն եւ այսու հանդերձ այնքա՜ն քիչ տեղեակ ենք մարդացեալ Աստուծոյ գիտութեան, այսինքն խոնարհութեան, քաղցրութեան, մահացուցման, համբերութեան, անձնուրացութեան: Նոյն իսկ խաչելութիւնը՝ որ միշտ աչքերնուս առջեւն է, խաչը չկրցաւ տակաւին մեր խաւարը փարատել եւ աշխարհիս ունայնութենէն ու խաբէութիւններէն ետ կեցնել: Քանի՜ քահանաներ կան, որոնց՝ Փիլիպպոսին պէս, Կենարարը կրնայ ըսել. ‘’Այդքան ժամանակ ձեզի հետ էի եւ չէք ճանչնա՞ր զիս’’:








All the contents on this site are copyrighted ©.