2009-12-18 11:26:16

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ 18 Դեկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին,

Կարտինալ Զէն Զէքիում վաստակաւոր առաջնորդը Հոն Գոնկ թեմին,

Պելկիայէն եկած՝ խումբ մը ուխտաւորներ, շուրջ 200 հոգի, որոնք այս տարի Վատիկանին նուիրեցին Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ բարձրացած կաղանդի 30 մեթր հասակով ծառը։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ , Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կաղանդի ծառի նուէրին համար, որ Մսուրին հետ միասին կը գտնուի Ս. Պետրոսի հրապարակը։ Լոյսերով զարդարուած ծառը, կը փալփլի լոյսով մը, որ՝ իրը չէ, սակայն անիկա վկայութիւն կուտայ ''ճշմարիտ լոյսին, որ այս աշխարհին չի պատկանիր''։ Այս ծառին վախճանը նման է հովիւներու վախճանին, գիշերուայ խաւարին մէջ կը հսկէ եւ յանկարծ կը լուսաւորուի հրեշտակներու պատգամով։ Ծառին վախճանը նման է նաեւ մեր վախճանին, մենք որ կանչուած ենք բարի պտուղ տալու, վկայելու աշխարհին թէ՝ Յիսուս աշխարհ եկաւ ու փրկեց զայն։

Մսուրի մօտ բարձրացած այս ծառը, կը յայտնէ աշխարհին թէ Յիսուս ծնաւ պարզ եւ աղքատ վայրի մը մէջ։ Ձեր երկրէն եկած այս ծառը կը դրսեւորէ ձեր երկրի բնակիչներուն քրիստոնէական հաւատքը եւ կ'ողջունէ ՜՜Մանուկ-Աստուածը՝՝ Ան որ եկաւ ամէն ինչ նոր դարձնելու եւ կանչելու բոլոր արարածները մտնելու փրկչագործութեան խորհուրդին մէջ։ Իմ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած, ըսաւ Սրբազան Հայրը, որպէսզի ձեր մարզի հաւատացեալները հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ ու շարունակեն ըլլալ երկրին աղը ու աշխարհի լոյսը։ Թող Տէրը ձեզ օրհնէ, օրհնէ ձեր մարզը եւ բոլոր Պելկիան։



Հինգշաբթի դեկտեմբեր 17, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Դանիայի, Ուկանտայի, Սուտանի, Քենիայի, Խազախիստանի, Պանկալատեշի, ֆինլանտիայի եւ Լեթթոնիայի նորանշանակ դեսպաններու հաւատարմագրերը։
Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ շնորհաւորած է իւրաքանչիւր դիւանագէտը պաշտօնը ստանձնելու առթիւ եւ կարեւորած երկու երկիրներու միջեւ կանոնաւոր շփումները եւ երկխօսութեան աշխուժացումը։ Յաջողութիւն մաղթելով դեսպաններու Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնած է, որ անոնք իրենց փորձն ու գիտելիքները պիտի ներդնեն՝ նպաստելու յարաբերութիւններու առաւել սերտացմանը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց ՊիելաՌուսիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։
Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը, ս. Պետրոս Տաճարի մէջ կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, մասնակցութեամբ Հռոմի համալսարականներուն, ի պատրաստութիւն Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ։
Եգիպտոսի եւ արաբական լիկայի մօտ առաքելական դեսպանը` գերապայծառ ֆիցկերարտ, Հռոմի մէջ, դասախօսութիւն մը տուաւ. ''կրօնական միաբանութիւններու դերը միջկրօնական երկրխօսութեան մէջ'' նիւթին մասին։
Չորեքշաբթի օրը յետ ընդհանուր ունկնդրութեան, Սրբազան հայրը ողջունեց Քուէյթի իսլամ-քրիստոնեայ միջկրօնական երկխօսութեան կոմիտէն, որ կ'աշխատի քրիստոնեայ իսլամ խաղաղ համակեցութեան ի խնդիր եւ կը գործէ երկրին մէջ հաստատելու պաշտամունքի եւ կրօնի ազատութիւնը։
Նոյն օրը Իտալիոյ Ինդրոտ շրջանի քաղաքապետարանը պատւոյ քաղաքացիութիւն շնորհեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։
Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետը ամէն տարի իր ամառնային արձակուրդը Վալտոսդանօ շրջանը կ'անցնէ։ Ինդրոտ գիւղաքաղաքը, ի նշան երախտագիտութեան Սրբազան Քահանայապետին ուզեց շնորհել պատւոյ քաղաքացիութիւնը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այդ շրջանի բոլոր բնակիչներուն իրենց սիրալիր ու ջերմ հիւրասիրութեան համար։ Ձեր շրջանը, ըսաւ Սրբազան հայրը խօսքը ուղղելով շրջանի քաղաքապետին, որուն ձեռքով ստացաւ քաղաքացիութեան վաւերագիրը, ու մարզապետին սքանչելի վայր մըն է, ուր հանգիստ հանգստաւէտ ժամանակ անցուցի շրջապատուած ալբիան սքանչելի համապատկերով, որ կը սատարէ հանդիպումը Արարիչ Աստուծոյ հետ։ եւ բնութեամբ սքանչելի օրէն գեղեցիկ է։ Աղօթքս է որ Տէրը Ինդրոտի բնակիչները լիացնէ իր շնորհքով եւ ամէնքդ դարձնէ մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի, լաւագոյնս վկայելու սիրոյ Աւետարանը։


 







All the contents on this site are copyrighted ©.