2009-12-18 11:27:15

Կրօնաբարոյական հարցեր - «Ձկնորսութիւնը Արգիլուած Է»


Կրօնաբարոյական հարցեր - «Ձկնորսութիւնը Արգիլուած Է»

Մեղքերուն միջեւ տարբերութիւն դնելը թերեւս ճիշդ չ՛ըլլար, եւ նոյնիսկ առիթ կու տայ ոմանց մանր-մունր մեղքեր գործելու: Երբ երեւոյթ մը սխալ է եւ մանաւանդ վնասակար մեր անձին եւ մեր շրջապատին, անիկա արդէն մեղք կը դառնայ ու աստուածային օրէնքով՝ արգիլեալ:
Ծննդոց Գիրքին մէջ պատմուած նախամարդուն յանցագործութենէն ետք, կ՛ըսուի թէ անոնք՝ այր ու կին՝ Ադամն ու Եւան, ծառերու ետին պահուըտեցան: Ինչո՞ւ պահուըտիլ: Ինչո՞ւ ամօթի այս զգացումը: Այնտեղ տրուած բացատրութիւնը «մերկութեան» պատճառաբանութիւնը ունի: Սակայն այդ «մերկութիւն»ը, փոխաբերական իմաստով Աստուծոյ պատուէրին անհնազանդութեան ամօթն էր, որ կը ստիպէր զիրենք պահուըտիլ Աստուծոյ ներկայութենէն:
Գործուած արարքներուն պատճառած ամօթի զգացումը եւս ունի իր տարբերութիւնները: Առ հասարակ մարդիկ «ամօթալի արարքներ»ու իբրեւ հոմանիշ կ'ուզեն տեսնել մարդոց կողմէ գործուող սեռային կամ անբարոյական անսանձ արարքներ: Բայց բազմաթիւ են նաեւ այն արարքները, որոնք բնաւ սեռային յարաբերութեան հետ առնչութիւն չունին, սակայն եւ այնպէս ամօթի խոր զգացում կը յառաջացնեն մարդու հոգիին մէջ: Ոմանք ամօթն ու խղճի խայթը կը նոյնացնեն իրարու հետ: Բայց անոնք ամենեւին նոյնը չեն: Մէկը հանրային կարծիքը ունի իբրեւ դատաւոր, իսկ միւսը՝ խիղճը: Մարդ իր նմաններէն կ՛ամչնայ իր գործած չար արարքներուն համար, իսկ իր խղճին դիմաց ամօթի զգացումով չի ներկայանար, այլ՝ մտրակուելու պատրաստ յանցագործի մը նման շղթայակապ, փախուստի ճամբայ չունեցող մահապարտի մը պէս:
Երրորդ պատճառը կրնայ գործուածին ահաւորութիւնը ըլլալ, որուն բացայայտումով՝ օրինական միջոցներով սահմանուած պատիժներէն խուսափումը անկարելի պիտի ըլլայ:
Գաղտնապահութիւնը, բնականաբար, պայման է հոգեւորականի մը պարագային, երբ խոստովանութիւններ պիտի լսէ, որոնք կրնան անհատի մը կեանքին կարեւոր հանգրուանները ըլլալ, կամ՝ անոր փոխ-յարաբերական կեանքի ամենէն տխուր էջերը կազմել, որոնց բացայայտումը կացութիւններ կրնայ ստեղծել տուեալ անձին եւ անոնց մօտ՝ որոնք զոհը եղած են իրավիճակի մը եւ կամ պարզապէս առընչութիւն ունեցած են հարցին հետ:
Բարոյալից պատմութեան մը մէջ կ՛ըսուի, թէ թագաւորը միշտ հոգեւորական մը կը կանչէր, ու իր կատարած ամենէն ծանր մեղքը խոստովանելէ ետք, գլխատել կու տար զայն: Ի վերջոյ ծերունի քահանայ մը կրցաւ ողջ դուրս գալ պալատէն: Որովհետեւ նախկիններէն իւրաքանչիւրին իր մեղքը խոստովանելէ ետք, տակաւին պալատէն դուրս չեկած, թագաւորը ի՛նք հարցուցած էր անոր թէ ի՞նչ խոստովանեցայ քեզի, ան ալ իր լսածը պատմած էր թագաւորին: Ամենէն ետքը եկող ծերունի քահանա՛ն միայն, գաղտնապահ ըլլալով, պատասխանած էր թագաւորին եւ ըսած.
- Քահանային սիրտը ովկիանոսի չափ խոր է, որուն եզրին Աստուած ցուցատախտակ մը դրած է, ու վրան գրած. «Ձկնորսութիւնը արգիլուած է»:
Կեանքի մէջ շատեր կը տառապին գաղտնիք մը պահել կարենալու դժուարութեամբ: Բայց պէ՛տք է երբեմն մեր ամենէն մտերիմ նկատած անձերուն ցոյց տալ այն ցուցատախտակը, որուն վրայ գրուած է. «Ձկնորսութիւնը արգիլուած է»:







All the contents on this site are copyrighted ©.