2009-12-18 12:59:42

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

՝՝ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ԱՌԱՐԿԱՅ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԴԱՌՆԱԼ՝՝
Կ՝ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ ցեղասպանութիւններ ուսումնասիրող գիտնականներու միջազգային ընկերակցութեան (Այ. Էյ. Ճի. Է) ուղղուած պատասխան նամակին մէջ նշուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած փաստ է եւ մարդկութեան կողմէ պէտք է դատապարտուի։ Ընկերակցութեան նախագահ Ուիլիըմ Շապաս 13 հոկտեմբերին բաց նամակ մը յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին, նամակին մէջ կ՝ըսուէր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը անկողմնակալ յանձնախումբի աշխատանքի մեկնակէտը պէտք է ըլլայ, այլ ոչ թէ՝ հաւանական եզրակացութիւններէն մէկը։ Հայաստանի նախագահը իր պատասխան նամակին մէջ կը նշէ, որ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններով նախատեսուած միջ-կառավարական յանձնախումբին ստեղծումը հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան եւ երկխօսութեան ընդհանուր ուղիներ գտնելու կարելիութիւն պիտի տայ։Ան միաժամանակ կ՝ընդծէ, որ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, սակայն այդ չի նշանակեր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման փաստերը կասկածի տակ կը դրուին։ Սերժ Սարգսեան Ուիլիըմ Շապասին կը վստահեցնէ, որ միջ-կառավարական յանձնախումբի ստեղծումը Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը պիտի չքննարկէ։ Ատիկա պատմաբաններու յանձնախումբ չէ, եւ Ցեղասպանութեան փաստը չի կրնար քննարկուիլ այդ յանձնախումբին մէջ։ Ես համաձայն եմ ձեզի հետ, որ յանձնախումբի աշխատանքին նպատակը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը պէտք է ըլլայ( այսպէս կ՝ըսուի Հայաստանի նախագահին պատասխան նամակին մէջ)։

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ։
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութեան տեղեկացուցած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց շրջանային վերջին այցելութեան ընթացքին Երեւան չեն այցելած ժամանակի անբաւարարութեան պատճառով։ Համանախագահներու օրակարգը շատ խիտ էր, այդ պատճառով ալ անոնք Երեւան չայցելեցին։Սակայն, անոնք յունուարին պիտի ժամանեն Հայաստան, որպէսզի շարունակեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն յաջորդ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները(ըսած է Քասփրչիք) աւելցնելով, որ նախագահներուն հանդիպման վայրը տակաւին չէ որոշուած։

ՆՈՎՐՈՒԶ ՄԱՄԵՏՈՎ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՔՈՆԿՐԵՍԻՆ ԿՈՂՄԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ։
Ազրպէյճանի նախագահութեան միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքի ղեկավար Նովրուզ Մամետով ԱՓԱ լրատու ործակալութեան կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներ քոնկրեսին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու հարցով բացատրութիւն պէտք է տան։ Միացեալ Նահանգներ պէտք է իրենց քայլերը բացատրեն։ Անշուշտ ասիկա քոնկրեսին կեցուածքն է եւ ոչ թէ ամերիկեան կառավարութեան, սակայն քոնկրեսը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմինն է։ Ուստի քոնկրեսին կողմէ տրուած որոշումները իբրեւ պետութիւն Միացեալ Նահանգներու պատասխանատուութիւնն են։ Կը կարծեմ, որ ազրպէյճանական խորհրդարանը եւ այլ կառոյցներ իրաւունք ունէին արդարութիւն պահանջելու։ Անոնք իրաւունքը ունին հարցնելու, թէ ինչո՞ւ այս քայլը առնուած է, մինչ մենք Միացեալ Նահանգներու գործընկերն ենք եւ բոլոր մարզերուն մէջ սերտ գործակցութիւն ունինք, (ըսաւ ան) ։ Ան հարց տուաւ, թէ եթէ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը կուզէ իրապէս մարդոց օժանդակել, ինչո՞ւ ազրպէյճանցի մէկ միլիոն գաղթականներու եւ ներքին տեղափոխման ենթարկուած մարդոց օժանդակութիւն չի տրամադրեր։ ՝՝Տէյ.ազ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանը (Միլլի Մեճլիս) ուղերձով մը դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին,բողոքելով Լեռնային Ղարաբաղին ելեւմտական օժանդակութիւն յատկացնելու Քոնկրեսի ընդունած օրինագիծին դէմ։ Ուղերձին մէջ ազրպէյճանցի խորհրդարանականները յոյս կը յայտնեն, որ Պարաք Օպամա վեթօ դնէ այդ բանաձեւին վրայ։ Միլլի Մեճլիսի 180 երեսփոխանները ստորագրած են ուղերձը։ Նշենք որ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունն ու ծերակոյտը 8 դեկտեմբերին միացեալ նիստի ընթացքին որդեգրած էր 2010-ի ելեւմտական տարուան Միացեալ Նահանգներու պետական պիւտճէի օրինագիծը, որուն տնտեսական օժանդակութեան բաժինին մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի տրամադրել 41 միլիոն տոլար, իսկ Լեռնային Ղարաբաղին՝ 8 միլիոն տոլար։ Օրինագիծը պահպանած է Հայաստանին ու Ազրպէյճանին յատկացուելիք զինուորական օգնութեան հաւասարակշռութիւնը։

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԴԵՐԱՍԱՆ ՎԱԼ ԷՅՎԸՐԻ, ԲՈՒՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ՍԵՊՈՒՀ ՏԷՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է։
85-ամեայ ամերիկահայ դերասան Վալ Էյվըրի (բուն անունով՝ Սեպուհ Տէր Աբրահամեան) շաբաթ, 12 դեկտեմբերին մահացած է։ Ան ծնած է 14 յուիլս 1924-ին, Ֆիլատելֆիա, եւ իր դերասանական ասպարէզին սկսած է Հայկական երիտասարդական թատրոնին մէջ, ապա Համաշխարհային Բ պատերազմին մասնակցելէ ետք արձանագրուած է Ֆիլատելֆիոյ Պեսի Վ. Հիքս թատերական դպրոցը։ Ան աշխատակցած է Ճոն Քասավիթեսի հետ եւ բազմաթիւ կարեւոր դերեր ստանձնած Համֆրի Պոկարթի, Փոլ Նիումընի, Սիտնի Փուաթիէի եւ Փիթըր Ֆոլքի հետ։ Վալ Էյվըրի դերեր ստանձնած է ՝՝Տը Մակնիֆիսընթ Սեւըն՝՝(1960), ՝՝Տոնի Պրասքօ՝՝(1997) շարժանկարներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ՝՝Քոլոմպօ՝՝ եւ ՝՝Տի օտ քափըլ՝՝ տեսաշարերուն մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.