2009-12-16 13:04:18

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի 16 Դեկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Սրբազան Հայրը, իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Միջին դարու մեծ աստուածաբան Ժան տը Սալիսպիւրիի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)

Ժան տը Սալիսպիւրի աշակերատած է Շարդրի մայր եկեղեցւոյ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան դպրոցին մօտ, Միջին Դարու լաւագոյն դպրոցը։ Ան, Ժան տը Սալիսպիւրի, ծնած է 12-րդ դարու սկիզբը ,Անգլիոյ Սալիսպիւր քաղաքը։

Յաճախած է իր ժամանակին բարձրագոյն դպրոցները եւ մասնաւորապէս Փարիզի եւ Շարդրի մեծ հռչակ վայելող դպրոցները։

Ապա եղած է անդամ Գանթըրպէրիի կղերին ու հաւատարմօրէն ծառայած է

թեմի արքեպիսկոպոսներուն եւ ընկերացած՝ Թոմաս Պեքին, ֆրանսայի իր աքսորին։

Շարդրի եպիսկոպոս ընտրուեցաւ 1176-ին, եւ հոն մնաց մինչեւ իր մահը 1180 թուականը։

Ժանին համար, մարդկային տրամաբանութիւնը կարող է հասնիլ ոչ թէ անվիճելի ճանաչումներու, այլ հաւանական ու վիճելի ճանաչումներուն։ Սակայն մարդկային ճամաչումը կը մեծնայ ու կատարեալ կը դառնայ շնորհիւ փորձառութեան եւ ուղիղ ու հետեւողական տրամաբանութեան աշխատասիրութեան։ Միմիայն Աստուած գիտութեան մէջ կատարեալ է, եւ ատիկա կը հաղորդուի մասամբ մարդուն. Յայտնութեան միջոցաւ։ Հաւատացեալը, աստուածաբանութեան խոնարհ աշխատասիրութեան միջոցաւ, կարող է յառաջանալ ՜՜աստուածգիտութեան՝՝ մէջ։

Ժանին համար կայ առարկայական եւ անփոփոխ ճշմարտութիւն մը, որուն ծագումը Աստուծոյ մէջ է, որը կարելի է ըմբռնել մարդկային տրամաբանութեամբ։ Ասիկա կը կոչուի բնական օրէնք, որ պէտք է ներշնջէ մարդկային օրէնքները, որպէսզի քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւնները ներգործեն յանուն ընդհանուրին բարիքին համար ։ Այդ բնական օրէնքին յատկանիշն է պաշտպանութիւնը ամէն անհատի իրաւունքին ու արժանաւորութեան։



Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ անոնցմէ խնդրեց որ լաւագոյնս պատրաստուին Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին, որպէսզի կարենանք , ըսաւ ան, լիովին ապրիլ Քրիստոսի հետ ։ Ձեզի բոլորիդ կը մաղթեմ բարի ուխտագնացութիւն։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը , Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն
մէջբերելով Եսայեա մարգարէին խօսքը. ''Ինծի դիմեցէք եւ պիտի փրկուիք''։







All the contents on this site are copyrighted ©.