2009-12-15 14:20:45

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն


Միջին Արեւելքի քրիստոնէական վկայութիւնը աստուածաբանական ճեմարանի ուսանողութեան։

Լիբանան - Ութերորդ տարին ըլլալով՝ Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարան յաճախող զանազան երկիրներէ ժամանած խումբ մը ուսանողներ, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքը եւ լսեցին միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ՝ Նարեկ եպս Ալեէմէզեանի դասախօսութիւնը՝ ՜՜Հայ եկեղեցին եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէական վկայութիւնը՝՝ նիւթին շուրջ։

Ուսանողական խումբի պատասխանատու դոկտ Ճորճ Սապրա ուսանողները ներկայացուց սրբազանին եւ յայտնեց, թէ իրենց այցելութեան նպատակն է ուղղակիօրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով աւելի լաւատեղեակ դառնալ Հայ եկեղեցւոյ՝ որպէս ՜՜Միջին Արեւելքի կարեւոր եւ իւրայատուկ եկեղեցիներէն մին՝՝։

Նարեկ սրբազանը ներկայացուց Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները եւ հայ դաւանանքին հիմնական երեսները ապա խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. Աթոռին բազմերես առաքելութեան մասին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ Հարց-պատասխանի բաժին մը որուն ընթացքին ուսանողները առաւելաբար հետաքրքրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած նպաստով, եւ սփիւռքի մէջ Հայ եկեղեցւոյ ազգապահպանման առաքելութեամբ։

Խումբը նաեւ այցելեց Մայր տաճար, ապրիլեան Նահատակաց մատուռ եւ Կիլիկիա թանգարան։



Հայ ընտանիք կազմելու կարեւորութիւնը շեշտող ծրագիր։

Լիբանան - Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հալէպէն ժամանած Թերեզ Փամպուքեան։ Հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք Արմինիըն ֆեմիլի ծրագիրի նախաձեռնող Շաքէ Մանկասարեան-Պրոկընը, խօսեցաւ ծրագիրի նպատակին մասին, որ հայ ամուրիները մէկ երդիքի տակ համախմբելն է , առիթը տալով ու օգնելով անոնց կազմելու համար հայ ընտանիք մը։ Ան նկատել տուաւ, որ հայ ընտանիքը հայապահպանման ու հայ ազգին գոյատեւման կարեւոր ազդակներէն մէկն է եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ իրենց ներդրումը ունենալու այս ծրագիրին տարածման եւ յաջողութեան մէջ։

Ապա խօսք առաւ Շաքէ Մանկասարեան եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրեց կայքէջին մասին, որ գործելու պիտի սկսի 6 Յունուար, 2010-ին կայքէջին հասցէն է. www.armenian-family.com։ Այս կայքէջը այն կամուրջն է, որուն վրայ պիտի հանդիպին եւ ծանօթութիւն մշակեն արեւելքի եւ արեւմուտքի տղաքը։ Անոնք պիտի ամրապնդուին հայ լեզուին, մշակոյթին եւ ինքնութեան շուրջ, ըսաւ ան։ Շաքէ Մանկասարեան բացատրեց, որ կայքէջի անդամագրութեան հասոյթի 30 առ հարիւրը կրթանպաստ ֆոնտին, 30 առ հարիւրը ամուսնական ֆոնտին եւ 30 առ հարիւրը մասնագէտներուն պիտի յատկացուի, իսկ մնացածը՝ կայքէջին բարգաւաճման։ Այս կայքէջին յատկութիւններէն մէկն է, որ, անդամը ուղղակի նամակագրութեան-յարաբերութեան մը մէջ պիտի մտնէ մասնագէտներուն ու նաեւ ինծի հետ, նշեց ան, որպէսզի կարծիքներու փոխանակում եւ մասնագիտական խորհուրդներու փոխանցում կատարուի, ։

Ձեռնարկին իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Գեղամ եպս Խաչերեան, որ մտահոգութիւն յայտնեց հայ նոր սերունդին մօտ օտար ամուսնութիւններ կնքողներու բարձր տոկոսին մասին։ Ան ընդգծեց, որ հայ ընտանիք կազմելը ազգային պատասխանատուութիւն եւ պարտականութիւն է, որովհետեւ լոկ ամուսնութիւն կնքելու սահմաններէն անդին կ'անցնի հայկական բոյն հիմնելը՝ ծառայելու հայ ժողովուրդին գոյատեւման նպատակին։ Ան գնահատեց այս ծիրին մէջ Շաքէ Մանկասարեանի գործունէութիւնը։

Ձեռնարկը ճոխացուցին հալէպահայ եւ պէյրութահայ երգիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.