2009-12-15 14:19:11

Լուրեր հայկական կեանքէն

Մեր Պապերու ներկայութիւնը Իտալիոյ մէջ:


Մեր Պապերու ներկայութիւնը Իտալիոյ մէջ:

Հռոմահայերու ուխտագնացութիւնը Հայոց Ս. Գրիգոր եկեղեցին Նաբոլիի մէջ:

Կիրակի 13 Դեկտեմբեր 2009-ին, Հռոմահայերը ուխտագնացութեան գացին Նաբոլի, յատկապէս հայ ազգի Լուսաւորիչին Ս. Գրիգորի նուիրուած եկեղեցին, ուր աւանդութեան համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի գանկը կը գտնուի սոյն եկեղեցւոյ մէջ, եւ ճիշդ անոր համար եկեղեցին ու անոր կից գտնուող վանքն ու փողոցը կոչուած են, Մեր Լուսաւորիչին անունով ՜՜Ս. Գրիգոր Հայը՝՝ անունով:

Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. հայասէր քահանայապետը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքէն բաժին մը նուիրած էր Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, բաժին մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու նաեւ բաժին մըն ալ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց պատրիարքութեան:

Հռոմի Հայ Համայքի Խորհուրդի՝ ՜՜Զարթօնք՝՝ յանձնախումբը կազմակերպած էր այս ճամբորդութիւնը Նաբոլի ու յատկապէս ուխտագնացութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցին, եւ այս առթիւ պատրաստուած էր, (որ ներկաներուն բաշխուեցաւ) պատկերազարդուած թռուցիկ մը , կարգ մը տեղեկութիւններով, մեր Լուսաւորիչին անուան եկեղեցւոյ մասին։ Մինչ ուխտաւորները կը շրջէին վանքին ու եկեղեցւոյ մէջ, ՜՜Զարթօնքի՝՝ անդամներէն՝ տիկ. Ռիթա Իպրահիմի- Թալլարինի լուսաբանութիւններ կու տար աւելի հետաքրքրական դարձնելով այս այցելութեան նպատակը։

Եկեղեցին եւ վանքը կը գտնուին հին Յունահռոմէական քաղաքի հրապարակը։ Վանքը հիմնադրուած է Ը. դարուն Կ. Պոլսէն խոյս տուած խումբ մը կրօնաւորուհիներու կողմէ, որոնք իրենց հետ բերած են նաեւ Հայոց Սուրբ Գրիգոր եպիսկոպոսի մասունքները։ 1225-ին, Նաբոլի քաղաքի, Դուքս Սերճիոյի հրամանագրով, այս վանքը միացաւ այլ վանքերուն, որդեգրելով Բենեդիկտեաններուն կանոնագրութիւնը։ Վանքը, նախապէս կրօնաւորուհիներուն համար սեփական բնակավայրեր էին իւրաքանչիւրը իր ցանկապատով . ապա Թրէնտոյի Ս. Ժողովէն ետք՝ (1563), անոնք ընդունեցին փակեալ վանականութեան դրութիւնը, եւ կրօնաւորուհիները, մէկ տարուայ պատրաստութենէն ետք՝ ընդգրկեցին ՜՜փակեալ կրօնաւորական կեանքը՝՝, եւ անկէ ետք (1570 ին) իրենց նոր զգեստաւորումը եղաւ ՜՜Սեւ ու ճերմակ՝՝ սքեմը։ Եկեղեցին, նախապէս վանքին կեդրոնը կը գտնուէր, սակայն այժմ՝ մուտքը փոխուած է եւ կարելի է մտնել Ս. Գրիգորի անուան պողոտայէն։ Հոս տեղին է յիշել որ Իտալիոյ ամենագեղեցիկ մսուրները այնտեղ կ՝արտադրուին, այսինքն՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցին տանող պողոտային վրայ կը գտնուին։ Հռոմահայ ուխտաւորները իրենց աչքերն ու սրտերը լեցուցին ճարտարագեղարուեստական գեղեցիկ տեսարաններով։

Ս. Գրիգոր եկեղեցին Եկեղեցին ունի հինգ մատուրներ եւ գմբէթ մը։ Շնորհիւ մեծ արուեստագէտ Լուքա Ճորտանոյի որմնանկարներուն, այս եկեղեցին հետըզհետէ հարստացաւ, անոնց մէկ մասը կը պատկերացնեն Հայոց Ս. Գրիգորի կեանքէն դրուագներ։ 700- ական թուականներուն եկեղեցին աւելի հարստացաւ եւ ստացաւ պարոք նաբոլիթան ոճը, ունեցաւ իր երգեհոնը եւ երկու փորագրուած փայտեայ վերնատուներ։ Վանքին զանազան բաժիններուն մէջ զետեղուած են իտալացի արուեստագէտներուն կողմէ նկարուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կեանքէն ու չարչարանքներէն եւ հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան դարձէն տեսարաններ: Մատրան մէջ, հայ ուխտաւորները պահ մը աղօթեցին միասնաբար, երգեցին ՜՜Հայր Մերը՝՝ ապա Հռոմի Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի փոխ տեսուչը՝ գերապատիւ Հ. Թովմաս վրդ. Կարապետեան խորհրդածութիւն մը կատարեց, հայցելով Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը Հայոց աշխարհի խաղաղութեան եւ հայ ազգին բարօրութեան համար։

Հայրենակից ուխտաւորները շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ ՜՜ԶԱՐԹՕՆՔԻՆ՝՝ մաղթելով որ շուտով այլ նման ձեռնարկներ կատարուին Իտալիոյ մէջ դէպի մեր պապերու ներկայութիւնը նշող այլ վայրերը։

Մասնակցիլ փափաքող հայորդիներու թիւը մեծ էր սակայն դժբախտաբար չկարողացանք գոհացնել ամէնքը քանի որ հանրակառքի մէջ տեղերը սահմանափակ էին. կը յուսանք անգամ մը եւս կազմակերպել նման ուխտագնացութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.