2009-12-15 12:43:28

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ։



Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ եւրոպական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Հայաստանի դեսպաններուն եւ մշտական ներկայացուցիչներուն հետ։ Կը յիշեցնենք, որ վաղը Էդուարդ Նալբանդեանը կը մասնակցի Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպության արտգործ-նախարարներու համաժողովին, ուր նախատեսուած է նաև Հայաստանի ԱԳ նախարարի ելոյթը:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 15-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ։

 

Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 դեկտեմբերին հրամանագիր մը ստորագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 15-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստութեան եւ կազմակերպումի յանձնախումբ մը ստեղծելու մասին։
Յանձնախումբի նախագահն է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄԸ ՎԵՐՍԿՍԱԾ։
13 դեկտեմբերին ռուսական կազի մատակարարումը Հայաստան, Հիւսիսային Օսեթիա եւ Վրաստան դադրած էր։ Պատճառը կազամուղի Մոզտոք-Թիֆլիս հատուածին մէջ յայտնաբերուած ականն էր։ Ռուսական Նովոսթի գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ զինուորները արդէն ականազերծած են ականը եւ կազի հոսքը վերսկսած է։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՐԵՒԷ ՊԱՀՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԱՄԱՐԺԷՔ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՏԱԼՈՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ (Կ՝ԸՍԷ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ) ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեան Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստան որեւէ պահու պատրաստ է համարժէք պատասխան տալու, եթէ Ազրպէյճան դարձեալ փորձէ յարձակիլ հայ ժողովուրդին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին վրայ, այսինքն՝ երթայ 1990-ականներու ճամբով՝ զինուորական գործողութիւններով պատասխանելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման ձգտումին։ Նախարարը յատկապէս նշած է Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտական բարձր պատրաստուածութիւնը եւ ընդգծած է, որ հայկական բանակը, որ ոչ մէկ բանով շրջանի միւս բանակներէն ետ կը մնայ, հիանալի կերպով կիրագործէ բոլոր առաջադրանքները։ Մենք ստիպուած ենք հակառակորդի քանակական առաւելութեան դէմ դնել որակական առաւելութեամբ, յայտարարած է (նախարար Օհանեան)։
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՝՝ԷՈՒՐՈՆԻՈՒԶԸ՝՝ ՊՈՅՔՈԹԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼ։
Ազրպէյճանական ՝՝Էյ.Էն.Էս.Փրես՝՝ լրատու ործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ ՝՝Էուրոնիուզ՝՝ միջազգային պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր գրասենեակին մօտ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը։ Ցոյցին մասնակցած են շուրջ 50 հոգի, որոնք իրենց բողոքը կ՝արտայայտէին ՝՝Էուրոնիուզի՝՝ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին պատկերասփռուած վաւերագրական ժապաւէնին դէմ։ Ազրպէյճան մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր խնդրոյ առարկայ վաւերագրական ժապաւէնին առնչութեամբ,նշելով, որ ժապաւէնի հեղինակները սուտ եւ չստուգուած տեղեկատուութիւններ կը տարածեն մասնաւորաբար յայտարարելով, որ Ղարաբաղը բնիկ հայկական հող է, իսկ Բակօ Սահակեանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ։
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂԵՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ՔՐՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ։
Միացեալ Նահանգներ թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեցին, նոյնիսկ թրքական բարձրագոյն դատարանին կողմէ քրտական Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութիւնը փակելու որոշումէն ետք, շարունակելու Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն յաւելեալ իրաւունքներ պարգեւելու իր ջանքերը։ Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանը անցեալ ուրբաթ գիշեր արգիլեց Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութիւնը,զայն ամբաստանելով արգիլեալ Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ կապեր ունենալու յանցանքով։ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ շուրջ զեկուցող Ռիա Ումեն Ռոյթեն յայտնած է, որ կուսակցութիւնը փակելու սահմանադրական դատարանի որոշումը ժողովրդավարականացման ընթացքին մէջ նահանջ մըն է։ Ան նշած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը Թուրքիոյ կոչ ուղղած է բարեփոխելու քաղաքական կուսակցութիւնները լուծարելու վերաբերեալ իր օրէնքները, որոնք պէտք է եւրոպական արժեչափեր ունենան։







All the contents on this site are copyrighted ©.