2009-12-14 13:35:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը ու Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 14 Դեկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Մոնթէնեկրոյի հանրապետութեան վարչապետը՝ տիար Միլօ Ճուկանովիչ եւ անոր ընկերացող շքախումբը։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը

Կիրակի, 13 Դեկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ձեզ ամէնքդ ուրախութեամբ կ'ընդունիմ եւ յատուկէն կ'ողջունեմ մանուկները, որոնք Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած են, օրհնել տալու համար մանուկ Յիսուսի արձանիկները, որպէսզի Ծնունդի օրը մսուրին մէջ դնեն։ Նորին Սրբութիւնը օրհնելէ ետք մանուկները ըսաւ. սպասումի մէջ ենք Յիսուսի ծննդեան։ Հաւատացեալները կանչուած են վկայութիւն տալու Աւետարանին։ Պատրաստ ըլլանք եռանդուն վկաները ըլլալու Աստուծոյ անհուն ողորմութեան, քաղցրութեան ու բարութեան, հանդէպ բոլոր մարդոց։ Թող մեր յոյսը ըլլայ վարակիչ, ու մեր գործերը եղբայրասէր։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի պատրաստութիւն Ս. Ծննդեան տօնին։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յայտնեց թէ այս շաբաթուան ընթացքին Ափրիկէի զանազան վայրերու մէջ չորս միսիոնարներ սպաննուեցան Սրբազան Հայրը յիշեց անոնց անունները. հայր Daniel Cizimya հայր Louis Blondel հայր Gerry Roche եւ կրօնաւորուհի Denise Kahambu։

Ասոնք եղան հաւատարիմ վկաները Աւետարանին եւ գիտցան արիութեամբ եւ իրենց կեանքի գինով տարածել Աստուծոյ խօսքը ։ Հոգեհանգստեան մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած որպէսզի զանոնք ընդունի իր Արքայութեան մէջ եւ միաժամանակ մեր ցաւակցութիւնը յայտնենք անոնց միաբանակիցներուն ու ընտանեկան պարագաներուն։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը առաւօտուն այցելութիւն կատարեց Յիսուսի Ս. Սրտի անուան հիւանդանոցը ուր կը խնամուին ծանր հիւանդները։ Սրբազան Հայր քաջալերական ու մխիթարական խօսք մը ուղղեց հիւանդներուն եւ գնահատեց բոլոր անոնք որոնք կը խնամեն հիւանդները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.