2009-12-14 13:35:44

Լուրեր հայկական կեանքէն

Ս Յակոբ Մծբնացի հայրապետի անուանակոչութեան տօն


Ս Յակոբ Մծբնացի հայրապետի անուանակոչութեան տօն

Ս Յակոբ Մծբնացի հայրապետի անուանակոչութեան տօնին առիթով անցնող շաբաթավերջին, տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ մը , մատուցուեցաւ Ս պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։

Լիբանան - Շաբաթ, 12 դեկտեմբեր 2009-ին, Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասի՝ Ս Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի թեմի Առաքելոց երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ համերգով մը, որուն ընթացքին, հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայացուց հոգեւոր շարականներու փունջ մը։

Բացման խօսքը արտասանեց Ս Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Մեսրոպ քհնյ Քերքեզեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խումբի կամաւոր անդամներուն, որոնք իրենց ազատ ժամերը կը յատկացնեն հոգեւոր երգերու եւ շարականներու մեկնաբանումի փորձերուն։

Համերգի աւարտին խօսք առաւ Գեղամ եպս Խաչերեան եւ նկատել տուաւ, որ մօտ մէկ տարիէ ի վեր սկիզբ առած է առաքելութիւն մը, որուն նպատակն է հայ ժողովուրդի հոգեւոր հարստութիւնը իրեն վերադարձնել՝ աւելցնելով, որ այս նպատակը գործադրողները խումբ մը հաւատաւոր երիտասարդներ են, որոնք պատահական կերպով չեն եկած, այլ՝ դպրաց դասերու մէջ կը ծառայեն եւ ունին հաւատք ու նուիրում։ Այդ պատճառով ալ երգչախումբը կոչուած է Առաքելոց։

Կիրակի, 13 դեկտեմբերին, Ս Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս պատարագ՝ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեանի։

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ առաջնորդը շեշտը դրաւ հաւատքին վրայ՝ ընդգծելով, որ հաւատքը անկարելին կարելի դարձնող հոգեկան ուժն է։ Ակնարկելով Ս Յակոբ Մծբնացի հայրապետին՝ առաջնորդ սրբազանը բացատրեց, որ ան ապրած է 4-րդ դարուն եւ եղած է Ս Գրիգոր Լուսաւորիչի ազգական՝ աւելցնելով, որ Ս Յակոբ իր ճգնողական, ինչպէս նաեւ հաւատքի ու աղօթքի կեանքով հրաշքներ գործած է։ Առաջնորդ սրբազանը խօսելով քրիստոնէութեան մասին նշեց, որ քրիստոնէութիւնը համամարդկային կրօն է եւ միայն հայկական չէ՝ աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդի հոգին այդ քրիստոնէութիւնը հայացուց եւ քրիստոնէական հաւատքը հայկական զօրաւոր դրոշմ ստացաւ։ Ս Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած այբուբենով, հայ մշակոյթով, գրականութեամբ գերազանցապէս հայկական դրոշմով քրիստոնէութիւն մը եղաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատքը եւ դաւանանքը, հաստատեց սրբազանը։ Ան շեշտեց, որ մեր եկեղեցին ազգային եւ կրօնական տուն է։ Իր քարոզի աւարտին սրբազանը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի կոնդակը, որուն մէջ կը նշուի, թէ սրբազան հօր խնդրանքով՝ Ս Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ Քերքեզեանի կը շնորհէ ծաղկեայ փիլոն։



Առաքելոց երգչախումբը կը մասնակցիԿեդրոնական Պէյրութի մէջ սկսած հոգեւոր համերգներու շարք մը։

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով՝ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ սկսած է հոգեւոր համերգներու շարք մը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր եկեղեցիներու մէջ, մասնաւորաբար տօնական այս օրերուն հոգեւոր համերգներով հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբել եւ քրիստոնէական եկեղեցիները կանգուն պահել։ Համերգները պիտի տան տարբեր համայնքներու պատկանող զանազան երգչախումբեր։

Արդարեւ, երէկ՝ կիրակի, 13 դեկտեմբերի երեկոյեան , Կեդրոնական Պէյրութի Ս Լուիս եկեղեցւոյ մէջ Ս Ծննդեան տօնին նուիրուած համերգով ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի թեմի Առաքելոց երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Գրիգոր սրկ Ալոզեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, իսկ տուտուկի ընկերակցութեամբ Յակոբ Քելուկեանի։

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ երգչախումբը մեկնաբանեց Ս Ծննդեան տօնին նուիրուած հոգեւոր շարականներու փունջ մը, ինչպէս՝ Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, Բազմութիւն սրբասացութիւն ծննդեան, Խորհուրդ խորին, Յայս յարկ, Անձինք նուիրեալք, Հրեշտակային, Սուրբ սուրբ, Անկանիմ առաջի քո, Այսօր տօն է ծննդեան, եւ այլն, ինչպէս նաեւ Ս Ծննդեան տօնին նուիրուած արեւմտեան երգեր Սայլընթ նայթ եւ Ճոյ թու տը ուըրլտ, կատարուեցաւ նաեւ Աստուածաշունչի ընթերցում։

Համերգը փակուեցաւ Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ շարականով։








All the contents on this site are copyrighted ©.