2009-12-13 13:36:57

Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշան գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանին։


Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշան գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանին։

Լիբանա- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. կաթողիկոսարանի Կիլիկիա թանգարանի Կիւլպենկեան սրահին մէջ տեղի ունեցած՝ հանդիսութեան մը ընթացքին, հայրապետական գնահատանքի արժանացուց գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանը։

Հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, պետական դէմքեր, հայ թէ օտար արուեստագէտներ, արուեստաբաններ, մշակութասէր անձեր եւ բարեկամներ։

Ստեփանոս վրդ Փաշայեան՝ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Նորիկեանի կենսագրական գիծերուն։ Ապա Անդրանիկ Տագեսեան, վերլուծական շեշտով բացաւ Նորիկեանի գեղանկարչութեան երփներանգ ծալքերը, գոյնի ու ձեւի ճամբով ՝ ժողովուրդի մը երազներուն յաւիտենական խոյանքը ցոյց տալով անոր պաստառներուն մէջ։

Ժոզեֆ Թարրապ իր խօսքին մէջ, (Ֆրանսերէնով ) յատկապէս նշեց մեծարեալ արուեստագէտի անձին ու գործին համեմատութիւնը։ Թարրապ Նորիկեանի մէջ տեսաւ իր արուեստի դպրոցին եւ անոր նշանաբաններուն հաւատարիմ գեղանկարիչ մը։

Խօսք առնողներու շարքին էր նաեւ Անիթա Թութիկեան, որ հոգեբանական դիտանկիւնէ մօտենալով Նորիկեանի արուեստին՝ վեր առաւ իր ժողովուրդին հետ նոյնացած մարդուն՝ հայուն հաւատքը, ապրելու կամքը, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան անցքերուն ճամբով դրսեւորուած է անոր պաստառներուն վրայ։ Ապա, թուականներու յաջորդական հերթականութեամբ, Թութիկեան քաղուածքը կատարեց Գ Նորիկեանի գեղանկարչական ճանապարհորդութեան։

Ի վերջոյ, վեհափառը բեմ հրաւիրուեցաւ իր գնահատական խօսքը ուղղելու եւ պարգեւատրելու արուեստագէտը։ Ան ընդհանուր գիծերու մէջ մեկնաբանելով գեղանկարչական այն էջը, որ հայ մշակոյթի պատմութեան վերջին ժամանակներուն մէջ բացուած էր Նորիկեանի սերունդով, ցոյց տուաւ, թէ իսկական հայ արուեստագէտին ճամբան ուրիշ չի՛ կրնար ըլլալ, բայց հայ ժողովուրդի ճամբան, իր հաւատքի ու յոյսի տրոփներով։ Հայկականն ու համամարդկայինը ներդաշնակող սքանչելի դրոշմ տեսաւ ան Նորիկեանի երանգապնակին զարնուող վրձինի իւրաքանչիւր հարուածին մէջ, որ պաստառին վրայ պիտի բաբախէր հայ եկեղեցւոյ կերպարով եւ ժողովուրդի տխուր թէ ուրախ ելեւէջներով։

Այնուհետեւ յոտընկայս ունկնդրուեցաւ Արամ Ա կաթողիկոսի կոնդակը, զոր կարդաց Սահակ աբղյ Եմիշեան, ապա, առ ի գնահատանք Նորիկեանի տարիներու վաստակին ու ներդրումին՝ գեղանկարչական արուեստի կալուածին մէջ, վեհափառը Ս Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով պարգեւատրեց արուեստագէտը։ Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական բաժին մը որուն ընթացքին Թորգոմ աբղյ Տօնոյեան դասական երաժշտութեան քանի մը կտորներ նուագեց դաշնակի վրայ։










All the contents on this site are copyrighted ©.